Ձայն մը հնչեց…Արցախի Հայոց լեռներէն...


Ձայն մը հնչեց…Արցախի Հայոց լեռներէն...

  • 11-11-2022 14:19:32   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

Հոկտեմբեր 30-ին կրկին անգամ Արցախի ժողովուրդը արտայայտեց իր կամքը՝ ի հեճուկս թուրքազերի կողմէն հնչած ահաւոր սպառնալիքներու։ Արդարեւ, քառասուն հազարէ աւելի հայութիւն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ նախաձեռնութիւնը առաւ յայտարարելու թէ կը մերժէ ենթարկուիլ կամ որեւէ տեսակի ենթակայութեան տակ գտնուիլ ցեղասպան Ատրպէյճանի։
 
Մինչ Երեւանի քաղաքական այրերը ցոյց չեն տար որեւէ նախաձեռնութիւն եւ կը ջանան «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրել մեզի համար անյայտ կամ ոչ յստակ պայմաններով, անդին Արցախի հայութիւնը մէկ մարդու պէս յստակօրէն կը յայտարարէ իր ինքնանկախութեան իրաւունքը՝ յարգելով միջազգայնօրէն ընդունուած ազգային ինքնորոշման սկզբունքները։
 
 
Արցախի ժողովուրդը արդէն 1990-ական թուականներուն յարգելով այն ատենուան Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան համապատասխան տրամադրութիւնները, իր կամքը արտայայտեր էր դուրս գալու իրեն պարտադրուած ենթակայութենէն։ Դժբախտաբար սակայն, բացառելով անկախութեան անմիջապէս յաջորդող տարիները Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդական իշխանութիւնները չգտնուեցան իրենց պարտականութեան բարձրութեան վրայ եւ ինքնավարութիւն հռչակած Արցախը դուրս մղեցին բանակցային գործընթացէն։ Ասոր «գլխաւոր հերոսն» էր Ռոբերտ Քոչարեան։ Անոր յաջորդած Սերժ Սարգսեանն ալ շատ տարբեր չեղաւ եւ Արցախը ձգուեցաւ իր ճակատագրին։ Զարմանալին այն է, որ այս երկու նախագահներն ալ…արցախցի էին։ Որքանո՞վ անոնք կը ներկայացնէին բուն ժողովուրդը, հողին վրայ ապրող ու ստեղծագործող զանգուածներուն ցանկութիւնները։ Յետագայ գործունէութիւններէն պարզուեցաւ միայն մէկ բան, որ այդ նախագահներն ու իրենց նման մտածող թէ՛ արցախցի եւ թէ «հայաստանահայ» պետական այրերէն շատեր հսկայական հարստութիւններու տէր դարձած էին։
 
Այո՛, «ձայն մը հնչեց» եւ այդ ձայնը պէտք է արձագանգ գտնէ ոչ միայն ՀՀ-էն ներս, ուր շահադիտական «ընդդիմութիւն» մը հրաժարականներ կը պահանջէ, ուր քոչարեանական աւազակախումբը վերջին ճիգերը կը թափէ հաճելի դառնալու «մեծ պոսին»՝ Փութինին, իսկ վերջերս ալ լայն հայ զանգուածներուն, ուր իսկական ու անշահախնդիր ընդդիմադիրներ չեն կրնար տակաւին իրարու քով գալ։
 
Այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ նաեւ «մեծ պոսի» շրջանակէն «վերջին պահուն» Արցախ վայրէջք կատարած տարատնկեալ Ռուբէն Վարդանեան։ Բնականաբար հարց կը ծագի՝ ի՞նչ գործ ունի ան Ստեփանակերտի մէջ, երբ մեզի համար յստակ է իր հաւատարմութիւնը «մեծ դաշնակցի» այսօրուան ղեկավարութեան եւ Իսրայէլի հետ ունեցած «տարօրինակ» կապերուն։ Կը յուսանք որ վերջինս եւ իր նման արտաքին ու ներքին ուժեր չեն շեղեր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման պահանջքի ընթացքը կամ չեն առեւանգեր շարժումը։
 
Միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքներու բոլոր տարրերը յարգած Հերոսական Արցախը «Միջազգային հանրութենէն» կ՚ակնկալէ գործո՛ւն վերաբերմունք եւ ոչ թէ շրթնային ծառայութիւն ու վերացական համակրական  արտայայտութիւններ։ Մինչ Միջազգային հանրութիւնը թիկունք կեցաւ Քոսովոյին, ի՞նչ պիտի ընէ ան հիմա, երբ նման պահանջատիրութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք։ Արդեօ՞ք նորէն ականատես պիտի ըլլանք «սեւ ոսկիի» ու հայու արեան միջեւ առաջինի նախընտրութեան, կամ նորէ՞ն պիտի լսենք «նաւերու Արարատ լեռ բարձրանալ չկարենալու» արդարացումը։
 
Լաւ առիթ մը ներկայացած է հիմա հայութեան՝ յատկապէս տարածաշրջանին մէջ բազմաթիւ դերակատարներու շահագրգռուածութեան հետեւանքով։ Ատենն է որ օրուան իշխանութիւնները առնեն վճռորոշ քայլեր եւ մանր-մունր նկատառումներով չտարուին։ Ատենն է գործնական ու հաշուըուած քայլեր առնելու, հնարաւորին չափ գործակիցներ ու համակիրներ գտնելու երեք ցամաքամասերու խաչմերուկին վրայ գտնուող պետութիւններէ ներս։ Ատենն է դիւանագիտական եւ հանրային յարաբերութեանց աշխոյժ գործընթացի։ Ատենն է այս գործին լծել «իւրայիններէն» դուրս նաեւ դիւանագիտական կարեւոր փորձառութիւններ ձեռք ձգած հայ քաղաքագէտներ։
 
Այս կացութեան մէջ իրաւունք չունինք մէկ երկվայրկեան իսկ կորսնցնելու։ Իրաւունք չունինք մանր-մունր ու ճղճիմ տարակարծութիւններով յոգնեցնելու մեր միտքերը եւ սպառելու մեր ուժերը։ Ընելիք ունի ՀՀ-ի ժողովուրդը, որ պէտք է դուրս գայ այլեւս իր ընկճախտէն, անտարբերութեան ճահիճէն եւ ցոյց տայ որ ինք ատակ է վեր խոյանալու առօրէականէն եւ ինչպէս մօտիկ անցեալին, կրկին անգամ ցոյց տայ վճռակամութիւն։  Նոյնքան կարեւոր է նաեւ մեր հայրենական պետութենէն ներս արմատաւորել ՕՐԷՆՔԻ գործադրութիւնը, որուն առջեւ պատասխանատու են ԲՈԼՈՐԸ։
 
Իրերու այս դրութեան մէջ չափազանգ կարեւոր է նաեւ սփիւռքի շօշափելի մասնակցութիւնը։ Ատենն է որ սփիւռքը դուրս գայ յանցաւոր կրաւորականութենէ, կուսակցական նեղմտութիւններէ եւ իրմէ դուրս մղէ «մերոնք-ձերոնք» ախտաւոր մօտեցումները։ Ատենն է մանաւանդ հոծ խումբերով Հայրենիք վերադառնալու եւ թիկունք կենալու մեր ռազմիկներուն եւ առողջ ու անկաշառ ուժերուն։ Հայրենադարձութիւնը գոյութենական անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք է ըլլայ կազմակերպուած ու նպատակասլաց, յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը պէտք է քաջալերել եւ մղել միանալ հայրենի քոյրերու եւ եղբայրներու ջոկատներուն, մարզուիլ կողք-կողքի, «հաց կիսել», փոխանցել փորձառութիւններ զանազան մարզերէ ներս՝ էլեկտրոնային մարտավարութիւն, լեզուական եւ հանրային յարաբերութեան (PR) ունակութիւններ: Ատենն է որ մեր ազգային-քաղաքական կազմակերպութիւնները ընդունին այս մարտահրաւէրը եւ անցնին որոշակի քայլերու։
 
«Ձայն մը հնչեց…Արցախի լեռներէն». լսենք այդ ձայնը եւ կրկին դառնանք մէկ բռունցք։
 
Keghart.org խմբագրական, 10 Նոյեմբեր 2022
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն