ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Եգիպտոս Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Կ’օգտագործէ Իբրեւ Փորձաքար՝ Թուրքիան Զգուշացնելու Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Եգիպտոս Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Կ’օգտագործէ Իբրեւ Փորձաքար՝ Թուրքիան Զգուշացնելու Համար

  • 04-09-2013 08:20:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Եգիպտոսի մէջ “արաբական գարունը” վերածուած է դժոխային ամրան` անթիւ ու անհամար զոհերով:
Եգիպտական բանակին կողմէ նախագահ Մուհամետ Մուրսիի տապալելէն ետք, յատկապէս կար օտար ղեկավար մը, որ եղաւ ամէնէն բարձր ճչացողը` Մուրիի անյապաղ վերադարձի պահանջով: Այդ վիճայարոյց ղեկավարը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է` իր իսլամական ընկերոջ` Մուրսիի եւ Իսլամ եղբայրներու սերտ կողմնակիցը:
Եգիպտոսի նոր ղեկավարները, որոնք կը վայելեն բնակչութեան ստուար զանգուածներու աջակցութիւնը, ցասման մէջ ինկան յատկապէս այն ժամանակ, երբ Էրտողան խստօրէն քննադատեց նախագահ Մուրսիի տապալումն ու Իսլամ եղբայրներ շարժման հարիւրաւոր ցուցարարներու սպանութիւնը:
Թուրքիոյ վարչապետը չափազանց կոշտ ոճով դատապարտեց Եգիպտոսի զինուորականութիւնը` «իր զինուորներով, ոստիկաններով եւ ծանր հրետանիի միջոցով ջարդեր կատարելուն” համար: Հեգնական է, որ Էրտողան  «համր սատանայ” անուանեց բոլոր անոնք, որոնք լուռ կը մնան անարդարութեան դէմ:
Կասկածէ վեր է, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը մարդկային ողբերգութիւն է եւ օրէօր կը դառնայ աւելի ծանրակշիռ: Հակառակ անոր որ ոեւէ մէկը չի կրնար անտարբեր մնալ քաղաքացիներու սպանութիւններուն եւ խեղումներու հանդէպ, այնուամենայնիւ Թուրքիոյ վարչապետը երկրագունդի վրայ գտնուող վերջին անձն է, որ նման յաւակնոտ վերաբերում պէտք է դրսեւորէր: Այն անձը, որուն ձեռքերը արիւնոտ են, ուրիշը պախարակելու իրաւունք չունի: Կարիք չկայ վերադառնալու պատմութեան գիրկը եւ յիշելու Էրտողանի նախահայրերու իրականացուցած ցեղասպանութիւնները` հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ: Միայն քանի մը ամիս առաջ Թուրքիոյ վարչապետի սեփական ձեռքերը թաթխուած էին արեան մէջ, երբ ան հպարտօրէն կը յայտարարէր, որ հրամայած է ոստիկանութեան Պոլսոյ մէջ կրակ բանալու անզէն ցուցարարներու վրայ` սպաննելով  հինգ, կուրցնելով տասնմէկ եւ վիրաւորելով ութ հազար մարդ: Հետեւաբար, Էրտողան զրկուած է բարոյական բոլոր իրաւունքներէն ոեւէ մէկուն ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներու վերաբերեալ դաս տալու:
Եգիպտոսի ներքին գործերուն Էրտողանի յաճախակի միջամտութիւնը եւ նախագահ Մուրսիի ու Իսլամ եղբայրներու անոր հետեւողական աջակցութիւնը այն աստիճանի ատելութիւն հրահրեցին երկու երկիրներու միջեւ, որ Եգիպտոսն ու Թուրքիան տուն կանչեցին իրենց դեսպանները` ալ աւելի վատթարացնելով իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Լարուածութեան սրումը վտանգի տակ դրած է երկու միլիառ տոլար արժողութեամբ թրքական ներդրումները Եգիպտոսի մէջ եւ սառեցուցած այդ երկրի մէջ 300 թուրք գործարարներու գործունէութիւնը:
Ինչպիսի~ փոփոխութիւն մէկ տարուան ընթացքին… 2012 թուականի մայիսին, երբ Եգիպտոսի մէջ էի դասախօսութիւններ տալու համար, տեղական թերթերէն մէկը հրաժարեցաւ հրապարակելէ իմ հարցազրոյցիս այն հատուածը, որ կ’առնչուէր Հայոց ցեղասպանութեան: Ինծի տեղեկացուցին, որ` նկատի առնելով իսլամական երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները, անկարելի պիտի ըլլայ որեւէ բան տպագրել ընդդէմ Թուրքիոյ:
Հետաքրքրական է, որ նախագահ Մուրսիին իշխանութենէն դուրս շպրտելէն ետք, շարք մը յօդուածներ յայտնուեցան տասնեակ եգիպտական թերթերու մէջ` մանրամասն ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, պահանջելով, որ Թուրքիան փոխհատուցում վճարէ վերապրողներուն եւ կոչ ուղղելով Էրտողանին` ճանչնալու իր երկրի քրէական անցեալը:
Ի լրումն այս բոլորին` օգոստոս 17-ին Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր անակնկալ պատգամ մը տեղադրեց ˂Թուիթըր˃-ի մէջ` յայտարարելով, որ իր երկրի “ՄԱԿ-ի մէջ մեր մնայուն ներկայացուցիչը վաղը (կիրակի) պիտի ստորագրէ միջազգային փաստաթուղթ մը, որ կը ճանչնայ հայկական ջարդերը, որոնք իրականացուած են թրքական բանակի կողմէ, եւ որոնց իբրեւ հետեւանք մէկ միլիոն մարդ սպաննուած է”:
Թէպէտ եգիպտական եւ թրքական թերթերը լայնօրէն կը հաղորդեն Եգիպտոսի նախագահին վերագրուող ˂Թուիթըր˃-եան այս հաղորդագրութեան մասին, բայց եւ այնպէս չյաջողեցանք ինքնուրոյն կերպով հաստատել անոր իսկութիւնը: Սակայն ակնյայտ է, որ Եգիպտոսի ներկայ կառավարութիւնն ու մամուլը մտադիր են Հայոց ցեղասպանութիւնը օգտագործելու իբրեւ միջոց՝ հակադարձելու Էրտողանին` իրենց ներքին գործերու կոպիտ կերպով միջամտելուն համար:
Հասկնալի է, որ հայերուն մեծ մասը դժգոհ պիտի ըլլայ, որ իրենց նախնիներու սպանդը քաղաքական շահարկման առարկայ կը դառնայ երկու երկիրներուն միջեւ: Սակայն, ցաւօք, ինչպէս միշտ, ասիկա եւս քաղաքականութիւն է: Եթէ Եգիպտոսի նոր ղեկավարութիւնը շահաւէտ նկատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը` այդ մէկը պիտի ըլլայ ողջունելի քայլ: Աւելի լաւ է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ մղուելով որեւէ քաղաքական դրդապատճառէ, քան չճանչնալ` սխալ պատճառներով: Ի վերջոյ, կարելի չէ ակնկալել, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնը այս հարցի վերաբերեալ որեւէ դիրքորոշում կ’ունենայ, եթէ այդ մէկը հակասէ իր ազգային շահերուն: Այս առումով, Եգիպտոս չի տարբերիր այլ երկիրներէ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներէն ու Իսրայէլէն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ Դամոկլեան սուր պարբերաբար կը ճօճեն Թուրքիոյ ղեկավարներու գլխուն:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերջնական որոշումը կախեալ է անկէ, թէ Գահիրէն ինչ զիջումներ կ’ակնկալէ Անգարայէն: Եթէ Եգիպտոսը` ամենաբազմամարդ արաբական երկիրը, ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա ան ջախջախիչ հարուած կը հասցնէ թրքական կառավարութեան խելայեղ ջանքերուն` հակազդելու 2015 թուականին աշխարհով մէկ տեղի ունենալիք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն:
Թարգմանեց`
 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ