Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Թուրքիան պետք է վերադարձնի հայոց եկեղեցական կալվածքները իրական սեփանականտիրոջը»


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Թուրքիան պետք է վերադարձնի հայոց եկեղեցական կալվածքները իրական սեփանականտիրոջը»

  • 24-02-2012 17:57:36   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Անթիլիասի Միջազգային Համագումարի Բացման Նիստին Ընդգծելով Ճանաչումէն Հատուցումին Անցնելու Անհրաժեշտութիւնը` «Թուրքիա Պէտք Է Վերադարձնէ Հայոց Եկեղեցական Կալուածները Իրենց Իրաւական Սեփականատիրոջ` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս: Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին երէկ` հինգշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» միջազգային խորհրդաժողովին: Ներկայութեամբ հայ թէ օտար իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու, ակադեմականներու, ցեղասպանագէտներու եւ ազգային այլազան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալ հիւրերու, «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով այս համագումարին բացումը կատարեց միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Անգլերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ներկայացուց եռօրեայ այս համագումարին նիստերուն արծարծելիք գլխաւոր նիւթերը: «100 տարիէ ի վեր արդարութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան էութիւնը` դատական, իրաւական ու մարդկային իրաւունքներու մօտեցումով», յայտնեց դոկտ. Նորա Պայրագտարեան` ընդգծելով, որ խորհրդաժողովի քննարկումներուն եզրայանգումները պիտի բանաձեւեն Հայոց ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան «ճամբու քարտէխո» (roadmap): Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս արտասահմանէն եկած հիւրերուն եւ բանախօսներուն, ապա հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր պատգամը փոխանցելու: Դարձեալ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով բանաձեւեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը` մէջբերումներ կատարելով 1948-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն, պարզելով ցեղասպանութեան համապատասխան հիմնաւորումները: «Ցեղասպանութիւն» եզրը միայն 1944-ին մուտք գործեց միջազգային օրէնքի բառարանին մէջե, յայտնեց վեհափառը` ընդգծելով, որ խորքին մէջ 1915-ին Թուրքիոյ մէջ գործադրուած արարքները իբրեւ ցեղասպանութիւն սահմանուած են նշեալ յայտարարութեան մէջ: «Տասնամեակներէ ի վեր մենք կեդրոնացած էինք Թուրքիոյ եւ միջազգային ընկերութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Խորքին մէջ, վերջերս ընթացք առած ամերիկեան, թրքական թէ ֆրանսական ապահովագրական դատական հայցերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ծերակոյտին որոշումը` Թուրքիան մղելու վերադարձնելու հայոց եկեղեցապատկան կալուածները եւ այս գծով 27 օգոստոս 2011-ին թրքական կառավարութեան որոշումը` 1936-էն ի վեր բռնագրաւուած եկեղեցապատկան կալուածները փոքրամասնութեանց վերադարձնելու որոշումը, այս բոլորը եկան վերահաստատելու հատուցման խիստ էական կարեւորութիւնըե, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդգծելով, որ Թուրքիա պէտք է թուրք-օսմանեան իշխանութեանց կողմէ բռնագրաւեալ եկեղեցապատկան կալուածներն ու համայնքային սեփականութիւնները վերադարձնէ իր իրաւական սեփականատիրոջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան»: Ապա, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց յատուկ այս առիթով Լիբանան ժամանած դատախազ Ֆաուսթօ Փոքարի մասին: Նախկին Եուկոսլաւիոյ համար կազմուած Միջազգային դատական ատեանի դատախազը իր շնորհակալական ու երախտագիտական արտայայտութիւններէն ետք ձայնակցեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցած եզրերու սահմանումին` դիտել տալով, թէ պէտք է բնորոշել, եթէ 1915-ին պատահածը օսմանեան կառավարութեան կողմէ կիրարկուած ծրագի՞ր էր, թէ՞ որդեգրուած քաղաքականութիւն: Դատախազ Փոքար յարակից բաղդատականներ կատարեց նախկին Եուկոսլաւիոյ, յատկապէս` Սրեպրենիցայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանական ջարդերուն ու Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ: Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի կողմէ օրուան երկրորդ օտար բանախօսի կենսագրական ծանօթութենէն ետք, Միջազգային դատական ատեանի դատախազ Ճօ Վերհովըն խօսք առնելով յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է այս համագումարէն: Ան հարց տուաւ, թէ պատահած ջարդերը արդեօք կանխամտածուա՞ծ էին: Ողբերգութիւնը իսկապէս պատահած է, բայց անոր անդրադարձը արդար չէ եղած (ակնարկելով Թուրքիոյ): Ան յայտնեց, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ կարդացած է` աւելի մօտէն, ծանօթանալու համար Հայոց ցեղասպանութեան խորքին ու էութեան: Ան զարմանք յայտնեց, թէ ինչո՛ւ (Թուրքիա) չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, թէ որքան ալ հանրային կարծիքը ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ նմանօրինակ քայլ մը կը մնայ էական: Անկախ թէ ո՛վ է տիրող իշխանութիւնը` պետական կազմն է պատասխանատուն տուեալ հողամասին վրայ պատահած դէպքերուն: Այլ խօսքով` անկախ անկէ, որ օսմանցի՞, թէ՞ այլ պիտակի թուրքեր կատարած են ոճիրը, այժմու Թուրքիոյ կառավարութիւնն է պատասխանատուն անցեալին հոն պատահած դէպքերուն, դիտել տուաւ դատախազ Վերհովըն: Աւարտին, ներկաները նախքան հիւրասիրութիւնը ուղղուեցան մայրավանքի Նահատակաց մատուռը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play