Սփյուռքահայությունը բացակա է հանրապետության օրենսդիր իշխանությունից


Սփյուռքահայությունը բացակա է հանրապետության օրենսդիր իշխանությունից

  • 09-06-2012 07:46:08   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Յակոբ Վարդիվառեան Մայիս 6ին, հայրենի ժողովուրդը իր քուէն յանձնեց քուէատուփ: Ժողովրդավարական երկիրներու համար այդ ձայնը ունի՛ բացարձակ նշանակութիւն, որովհետեւ, հայրենիքիդ համար գալիք հինգ տարիներուն կ՛ընտրես քու պատգամաւորդ (երեսփոխանդ), ներկայացնելու համար քեզ՝ Ազգային Ժողովէն (Խորհրդարան) ներս: Նախընտրական բոլոր աշխատանքները վստահաբար անցան կանոնաւոր, կարելիին սահմանին մէջ, իսկ քուէարկութինը թափանցիկ, ըստ միջազգային դէտերուն: Որեւէ ժամանակէ աւելի, ա՛յս ընտրութիւնները եկան նոր արժեչափ մը հաստատելու ընտրական գործելաձեւին վրայ, դառնալով օրինակ՝ յետագայ ընտրութիւններուն համար: Ըստ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին, ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 2.523 միլիոն քաղաքացի, որմէ քուէարկութեան մասնակցած են միայն 1.573 միլիոնը. շուրջ 54 հազար քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուած է: Ու ահա՛ պատկերը ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքական ուժերուն, կլորցուած թիւերով՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 455 հազար, «Ժառանգութիւն»՝ 87 հազար, ՀՅԴ՝ 86 հազար, Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 665 հազար, «Օրինաց երկիր»՝ 83 հազար, ՀԱԿ՝ 107 հազար… Մեծամասնական ընտրակարգով քուէարկութեան արդիւնքները եւս որոշակիօրէն բացայայտեցին ընտրողներու կողմնորոշումները: Այսպիսով՝ նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ ձայները բաժնուեցան հետեւեալ կերպով. Հանրապետականը՝ 69, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը՝ 37, Հայ Ազգային Գոնկրէսը (ՀԱԿ)՝ 7, Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը՝ 6, ՀՅԴ՝ 6 եւ «Ժառանգութիւն»ը՝ 5: Այս պատգամաւորներէն 13ը 25-40 տարեկան է, 26ը՝ 40-60 իսկ 60էն վեր տարիք ունին 2 պատգամաւոր: Նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլան 14 կին, երկու աւելի՝ քան նախորդ գումարման կազմին մէջ: Դաշնակցութիւնը նախընտրական պայքարին շեշտած էր կին պատգամաւորներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը, սակայն չէր յաջողած մէկ հոգի իսկ ապահովել իր խմբակցութեան մէջ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ այս ընտրութիւններու հետեւողներուն բաղձանքն էր, անշուշտ, ունենալ ազատ, արդար, թափանցիկ քուէարկութիւն: Անցեալի դառն փորձառութիւնները չկրկնելու լաւատեսութեամբ ալ բոլորը հետեւեցան քուէատուփ նետուած քուէաթուղթերուն: Ուրախալին այն եղաւ որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ընդդիմադիր ճակատը այս տարի մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն: Թէեւ ընտրուած պատգամաւորներէն ոմանք իրենց մանտաթը (երեսփոխանական իրաւունքը) տուին ուրիշին, սակայն՝ բարեբախտաբար, երէկուան ամենէն կազմակերպուած քաղաքական ուժի՝ Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահը՝ Ստեփան Տէմիրճեան պահելով իր մանտաթը, մաս պիտի կազմէ նոր Ազգային ժողովի 5րդ գումարումին: Հանրապետական եւ Օրինաց Երկիր Կուսակցութեանց ձայները՝ 75 կը բաւէին որ Ազգային ժողովի մէջ մեծամասնական ուժ մը գոյանար, սակայն, ընտրութիւններու աւարտին, քաղաքական միւս հոսանքները փորձեցին բոլորուիլ Բարգաւաճ Հայաստանի շուրջ, կազմելու համար ընդդիմադիր որոշակի ուժ մը, սակայն, այդ կարելի չեղաւ, որովհետեւ, բոլոր այդ կազմակերպութիւնները, բացի ՀՅԴ-էն, շա՜տ հեռու են կուսակցական հասկացողութիւն ունենալէ: Շահերու վրայ հիմնուած խմբաւորումներ են պարզապէս, որոնք քաղաքական հիմք երբեք չեն ունեցած ու պիտի չունենան ալ դեռ երկար ժամանակ: Ըսենք նաեւ որ նոյնը կարելի է ըսել իշխանութեան գլուխ եկող միւս երկու կուսակցութիւններուն համար ալ, որոնք մղոններով հեռու են քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու հանգամանքէն ու հասկացողութենէն: Ասոր մասին քիչ ետք: Դաշնակցութիւնը արտասահմանի մէջ, այս անգամ, չափաւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, հակառակ անոր, որ նախապէս իր ունեցած 17 աթոռներէն կրցած էր ապահովել միայն 5ը եւ մէկն ալ՝ մեծամասնական ընտրակարգով ընդունուած էր ՀՅԴ խմբակցութեան մէջ: Պահելու համար կուսակցական կարգապահութիւնը, Սփիւռքի կուսակցական մամուլն ու ղեկավարութիւնը կը ջանային ելք մը գտնել չյուսահատեցնելու համար իրենց արտասահմանեան շարքերը: Միւս կողմէ սակայն, հայրենաբնակ դաշնակցականներ, ամբողջութեամբ չէին ուզած իրենց յարաբերութիւնները խզել նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած կուսակցութեան հետ, որովհետեւ Դաշնակցութեան ներկայ պատգամաւորներէն շատեր, ընդհանրապէս անցնող տասը տարիներուն մասնակից դարձած էին իշխանութեան եւ նոյն պատգամաւորները մի՛շտ ալ օգտուած էին անոր բարիքներէն: Սակայն, արտերկրի աւանդապահ դաշնակցականները մնացին խաբուած ըլլալու հոգեվիճակի մը մէջ, մա՛նաւանդ երբ աւելի քան հարիւրամեայ կազմակերպութեան մը կեդրոնը՝ Բիւրօն կը փոխադրուէր Երեւան եւ կը մնար հսկողութեանը տակ ղեկավարներու, որոնք դժբախտաբար չունէին արտերկրի դաշնակցականներու քաղաքական այն փորձառութիւնը, զոր շահած էին յեղափոխութեամբ, ըմբոստութեամբ, ազատագրական պայքարով ու գաղութահայ կեանքի մը կազմակերպումովը: Մայիս 31ին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Ազգային ժողովի 5րդ գումարման եւ գաղտնի քուէարկութեամբ 102 ձայներով (4 դէմ եւ 4 անվաւեր) ընտրեց Ազգային ժողովի նախագահ՝ միա՛կ թեկնածու Յովիկ Աբրահամեանը, իսկ փոխ նախագահներ՝ Էտուարտ Շարմազանովն ու Հերմինէ Նաղտալեանը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով շնորհաւորեց ՀԱԿ-ի մուտքը Ազգային Ժողովէն ներս: «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գլխաւորութեամբ որոշեց մասնակցիլ նիստերուն Յունիս 2էն սկսեալ: Միւս խմբակցութիւնները կը գլխաւորեն. ՀՅԴ-ն՝ Արմէն Ռուստամեանը, ՀԱԿ-ը՝ Լեւոն Զուրապեանը: Նոյն օրը Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 4րդ կէտին համաձայն, նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստին օրը ՀՀ նախագահը ընդունեցաւ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութեան հրաժարականը: Պատգամաւորները տուին իրենց երդումը: Ժողովին ներկայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետը օրհնեց ժողովը եւ փակեց՝ «Պահպանիչ»ով: Հիմա որ այլեւս պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Ազգային ժողովի նոր գումարումը, կ?արժէ սփիւռքահայու ակնոցով ընել կարգ մը թելադրութիւններ ու մատնանշումներ, որոնք ընդհանրապէս պիտի հետաքրքրէին արտերկրի զանգուածները: Ճիշդ է որ արտասահմանի ոչ-հայրենաթող զանգուածը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չէ եւ իրաւունք չունի ունենալու իր ներկայացուցչութիւնը օրէնսդիր իշխանութեան՝ Ազգային Ժողովէն ներս: Սակայն, հայ ժողովուրդին թուային առումով մեծամասնութիւնը, անցնող քսան տարիներուն, քաղաքական մեր երեք կուսակցութիւններու միջոցով կը ջանար ապահով քաղաքական յենարան մը ապահովել հայրենի Ազգային Ժողովէն ներս: Հայաստանի քաղաքական հրապարակին վրայ եղող եւ գործող ո՛չ մէկ կուսակցութիւն ունի միջազգային քաղաքական հասկացողութեամբ սահմանուած կուսակցական ճշմարի՛տ հմտութիւն: Երբ աւելի քան հարիւրամեայ փորձառութեամբ ու իր անցեալի գործունէութեամբ հարուստ երեք կուսակցութիւնները, որոնք մեր պատմութեան ամենէն տխուր օրերուն իջան քաղաքական դաշտ ու ազգային ազատագրական պայքարի նուիրուեցան, ազգապահպանում ու ազգահաւաք կազմակերպեցին, սերունդնեը ամբողջ Հայաստանի մը իրականութեամբ դաստիարակեցին, միջազգային քաղաքական կեանքի մէջ լայն ներդրումներ ունեցան, Հայաստանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւններուն բերին ամբողջական նուիրական աշխատանք, ու դեռ Հայոց իրաւունքները, Հայ Դատն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ ծանօթացուցին, եղան օգտակար՝ մայր հայրենիքին, իմացական ու նիւթական իրենց ամբողջ կարելիութիւնները տրամադրելով անոր…: Հայրենադարձութեամբ, հայրենիք-սփիւռք եղբայրական կապերու ստեղծումով, ապա նաեւ Մեծ Երկրաշարժի, շրջափակումի, ղարաբաղեան ազատագրման օրերուն, Հայաստանի անկախացումէն ի վեր միլիոնաւոր տոլարներու թէ ներդրումներու օժանդակութեամբ, ու նման այլ զոհաբերութիւններով՝ կրնանք ըսել որ այլեւս Սփիւռքը իր մնայուն իրաւունքը շահած էր Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս: Ունէր իր խօսքը ըսելիք, ի՛ր կուսակցութիւններուն միջոցաւ: Մեր երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿի միա՛կ երազն էր եղած աշխատիլ անկախացած Հայաստանի մը քաղաքական դաշտին վրայ: Ու ատկէ ալ թելադրուած, մասնակիօրէն թէ ամբողջութեամբ, մեր կուսակցութիւնները անցնող երկու տասնամեակներուն իրենց համապատասխան կառոյցները հիմնեցին Հայաստանի տարածքին: Անոնք ծնունդ առած էին ա՛յդ սուրբ առաքելութեան թելադրութեամբ, որ բարի օր մը անպայման պիտի վերադառնային երկիր եւ հո՛ն գործէին: Դժբախտաբար, հայրենիքի իրերայաջորդ երեք նախագահները, իրենց իշխանութեանց օրերուն գործեցին միայն ու միայն անձնական շահերէ թելադրուած, եւ երբեք տեղ չտուին հայրենի հողէն իսկ ծնունդ առած մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն: Իրենց իսկ միջամտութեամբ ու շատ անգամ նաեւ օրհնութեամբ, փորձուեցաւ բաժան-բաժան ընել մեր կուսակցութիւններու կառոյցները. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով, որպէս «ժամանակավրէպ», անոնք դուրս ձգուեցան քաղաքական բեմէն, երբ ՌԱԿ-ը արդէն ունէր 17 պատգամաւոր Խորհրդարանէն ներս. միւս կողմէն՝ սկսաւ բանտարկել կամ երկրէն վտարել Դաշնակցութեան ղեկավարները: Ռ. Քոչարեանի օրով, նախընտրութիւն մը տրուեցաւ երեք կուսակցութիւններէն մէկուն եւ փորձուեցաւ հեղինակազերծել մնացեալ երկուքը: Իսկ Սերժ Սարգսեան, ամենայն դիւանագիտութեամբ, կուսակցութեանց պառակտուած ըլլալու պատճառաբանութեամբ՝ փորձեց արհեստական դժուարութիւն մը ստեղծել, ըսելով թէ չի գիտեր թէ պառակտումի թեւերէն ո՞ր մէկուն հետ պիտի գործակցի… եւ ի վերջոյ ազգային քաղաքական բեմէն, փաստօրէն, չէզոքացուց աւանդական մեր երեք կուսակցութիւնները: Եւ ահա՛ այսօր ընտրութիւններէն կը ստանանք այս պատկերը: Այսպիսով, սփիւռքահայութիւնը մեծ բացական կը մնայ ամենայն Հայոց հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր իշխանութեան: Այս բացակայութիւնը ո՞րքանով պիտի նպաստէ արդեօք հայրենիք-սփիւռք քաղաքական յարաբերութիւններուն զարգացման, լա՛ւ գիտնալով թէ առանց կազմակերպուած ու գաղութներու մէջ արմատաւորուած մեր կուսակցութիւններուն, դժուար որ Երեւանի իշխանութիւնները կարենան ունենալ ամբողջական ու անսակարկ բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն: Կը սպասենք նախագահական ընտրութիւններուն, տալու համար ընդհանրապէս ընտրութիւններու ամբողջական եզրակացութիւնը: Յ. Վ. Նիւ Եորք
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն