Ցուցահանդես՝ «Օսմանյան շրջանից մինչև այսօր՝ 180 տարվա պատմություն» խորագրով
12-06-2012 15:10:30 | Թուրքիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
«Սապահ» այսօր յապաղումով ու կարճ տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ 180ամեակի առիթով Ս. Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցին մէջ բացուած ցուցահանդէսին։ Լուրը հիմնուած է Անատոլու Գործակալութեան կողմէ կատարուած հաղորդումին վրայ։ Դիտել կը տրուի որ ցուցահանդէըը կը կրէ «Օսմանեան շրջանէն մինչեւ այսօր 180 տարուան պատմութիւն մը» անունը։ Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղեկութիւններ տրուած են Սուլթանական հրովարտակներու, արտօնագիրներու, կնիքներու, այդ շրջանին Թուրք եւ Հայ մամուլի մէջ հրատարակուած ծանուցումներու, Հիւանդանոցի թանգարանին մէջ պահպանուած իրեղէններու մասին։ Ցուցահանդէսը, ուր կը տեսնուին նաեւ նուիրատուներու ու բարերարներու կամ ծառայութիւն մատուցած բժիշկներուն անունները, բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Յուլիս։
«Մ»