Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը՝ Հանրի Ռենօ, Յունիս 7ին այցելած է Տաւուշի շրջանը, ուր նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի Հօ-տը-Սէն նահանգին, գիւղատնտեսութեան զարգացման առաջնորդ-ծրագիր մը կ?իրագործուի Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ:
Դեսպան Ռենօ նախ դիմաւորուած է Վալանսի (Ֆրանսա) հետ զուգորդուած քաղաք՝ Իջեւանի քաղաքապետին կողմէ, ապա նաեւ՝ Տաւուշի մարզպետին:
Հօ-տը-Սէն նահանգին հետ հաստատուած այս արդիւնաբեր գործակցութեամբ հետապնդուած գլխաւոր նպատակն է՝ Տաւուշի շրջանին մէջ գիւղատնտեսական եւ զբօսաշրջական բնագաւառներուն զարգացումը:
Այս այցելութեան ընթացքին ֆըրանսացի դեսպանը անձամբ կրցած է հաստատել աշխոյժ իրագործումները՝ Լուսաձորի ագարակի մը մէջ ֆրանսական կաթնտու կովերու բուծում, ֆրանսական հունտերով մշակուած տնկարան մը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական կեդրոնի մը հաստատումը, ուրկէ հայ հողագործները կրնան գիւղատնտեսական սարքեր վարձել:
Ինչ կը վերաբերի Իջեւան-Վալանս զուգորդութեան՝ անոր արդիւնքները աչքառու կը դառնան Իջեւանի փողոցներուն մէջ նոյնիսկ կարճ շրջագայութենէ մը ետք, քանի Վալանսէն ղրկուած հանրակառքեր կը շրջին Տաւուշի մարզի կեդրոնը հանդիսացող այս քաղաքին մէջ: Համալսարանի տեսուչն ալ Հանրի Ռենոյին հաղորդած է ֆրանսերէնին զարկ տալու իր փափաքը՝ աւելցնելով, որ կը նախատեսէ հիմնել ֆրանսախօսութեան խմբակ մը:
Նշենք նաեւ, որ Հօ-տը-Սէն նահանգի Ընդհանուր Խորհուրդի նախագահն է Փաթրիք Տէվէճեան:
«ՆՅ»