«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանի հետ


«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանի հետ

  • 10-03-2014 15:05:14   | Հունաստան  |  Հարցազրույցներ


ԼՂՀ մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանի հետ զրոյցին առիթը տրուեցաւ Աթէնք իր այցելութեան առիթով։ Ինչպէս մեր թերթին ընթերցողները «Ազատ Օր»ի էջերէն հետեւեցան նախարարուհիի այցելութեան կապուած իրադարձութիւններուն ու Հայ-Յունական բարեկամութեան միութեան եւ ՀՀ դեսպանութեան հրաւէրով կազմակերպուած կլոր սեղանի զրոյցի արձագանգներուն, դրական ու գործնական համագործակցութեան առիթ մըն էր տիկին նախարարուհիի այցելութիւնը։

Այս առիթով «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը Արցախի ընկերութեան ու ժողովուրդի կեանքին կապուած հարցերու շուրջ հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ Նարինէ Աղապալեանի հետ։

Որքա՞ն յառաջդիմած է Արցախի ընկերութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին։

Ով որ այցելած է Արցախը վերջին ժամանակամիջոցին եւ անցեալին բաղդատելու հնարաւորութիւնը ունի, կըրնայ վկայել փոփոխութիւններու եւ առաջընթացի մասին։ Ի հարկէ մեզի համար շատ ուրախալի է հաստատել այս առաջընթացը, բայց հասկնալի է թէ արցախցիներու հաստատակամութեան եւ վճռակամութեան արդիւնքն է այս իրավիճակը։ Այսօրուայ Արցախի իշխանութիւններու հետեւողական աշխատանքի ու քաղաքականութեան արդիւնքն է, միաժամանակ համայն հայութեան պատրաստակամութեան եւ աջակցութեան արդիւնքն է։
Բոլոր մեծ ծրագրերը որ իրագործուած են Արցախի մէջ, իրագործուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի աջակցութեամբ, թէ Համահայկական Հիմնադրամի միջոցաւ, շարունակուող թելեթոններու միջոցով, բայց նաեւ անհատական կամ կազմակերպութիւններու ծրագրերու միջոցով, որ իրագործուեցան 1988ի առաջին օրերէն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ 
Խնդիրներ անշուշտ դեռ շատ կան. կենսապահովման, սոցիալական խընդիրներ շատ¬շատ կան, բայց կարեւորը այն է, թէ մենք յաղթահարած ենք պատերազմի վիճակը եւ այսօր արդէն մեր ծրագրերը ոչ թէ աւերակներու ու պատերազմի ծանր հեւքը վերացնելու, այլ զարգացման ծրագրերու մշակման վրայ կը կեդրոնանայ։

Վերջերս վիճակախաղ մը տեղի ունեցաւ որու հասոյթը ուղղուած էր վերաբնակեցման աշխա¬ տանքին։ Կա՞յ յատուկ ծրագիր այս ուղղութեամբ։

Վերաբնակեցման խնդիրը միշտ կազմած է Արցախի իշխանութիւններու հետաքրքրութեան կեդրոնը։ Կա՛յ ծրագիր, իսկ այսօր այդ՝ աւելի առարկայական է մեր առջեւ, շատ աւելի յստակ ծրագրերով։ Անոնց կարգին է Քարվաճառ-Վարդենիս ճանապարհի շինարարութիւնը, որ թէ ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան ծրագիր է եւ թէ վերաբնակեցման համար լաւ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ։ 
Այլ ծրագիր մըն է՝ հարաւային շըրջանին մէջ բնակարաններու կառուցումը, որը նոյնպէս ռազմավարական խնդիր պիտի լուծէ մեզի համար եւ միեւնոյն ժամանակ սահմանը պաշտպանող զինուորը ամէնուրեք իր թիկունքին պիտի զգայ ժողովուրդին շունչը, որպէսզի ամուր կանգնի սահմանին վրայ։ Նման ծրագրեր բազմազանօրէն պիտի լուծեն մեր հարցերը։ 
Երեւի թէ դժուար է որ մէկ վիճակախաղով ապահովուին բոլոր այս ծրագրերու իրագործման միջոցները, բայց սա մեծապէս կը խթանէ այդ աշխատանքը։

Մեր թերթի բովանդակութեան եւ մեր ընթերցողներու հետաքրքրութեան կարեւոր բաժին մը կը կեդրոնանայ Արցախեան լրատուութեան վրայ։ Իսկ վերջին շրջանին ականատես եղանք Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ կեցուածքի շեշտացման, սահմաններու շարունակական խախտման դէպքերով եւ հայ երիտասարդ զոհերով։ 
Ինչպէ՞ս կþազդէ այս վիճակը Արցախի ժողովուրդին վրայ։

Արցախի ժողովուրդը աւելի հանգիստ կը վերաբերի այս վիճակի կապակցութեամբ, որովհետեւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յոխորտանքը միշտ ալ առկայ եղած է։ Այսինքն, մեզի համար ոչինչ չէ փոխուած. ժամանակ առ ժամանակ այս վիճակը կը սաստականայ, այլ ատեն կը նուազի, եւ այս վերիվայրում ները պայմանաւորուած են Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական կեանքով։ Իրենք այս կեցուածքներով ներքին խնդիրներ է որ կը լուծեն առաւելաբար, քան թէ մեզի բան հասկցնելու նպատակ կը հետապնդեն։ Որովհետեւ Ատրպէյճան գիտէ որ այն պարագային որ պիտի փորձէ որեւէ բան մեզ հասկցնել, այդ պէտք է ընէ գործնական, իսկ գործնական տեսակէտէ մենք արդէն ուղիղ 20 տարի է (Մայիսին պիտի լրանայ ուղիղ 20 տարին) որ մենք մեր սահմանը կը պահենք մեր ուժերով, ապահովելով այդ ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Եթէ Ատրպէյճան վստահ ըլլար որ կրնայ իր յաւակնութիւններուն հասնիլ, այս տարիներու ընթացքին երեւի թէ փորձած կþըլլար գործնական որեւէ քայլ ընել. անոր փոխարէն կը բաւարարուի ռազմատենչ յայտարարութիւններով եւ փոքրիկ տիվերսիոն յարձակումներով, որ միշտ ալ աւելի ծանր հետեւանքներ կը բերեն իրենց համար։

Խօսինք Արցախի երիտասարդութեան համար։ Մենք բախտը ունեցած ենք մօտէն ճանչնալու Արցախի ամէնամատղաշ սերունդը, որ ամառները մեր մօտ կ'ըլլայ, աւիշ ներդնելով նաեւ մեր գաղութի կեանքին մէջ։ Այս բոլոր տղաքը, երիտասարդները Արցախի մէջ, ինչպէ՞ս կը տեսնեն իրենց ապագան, իրենց կեանքի հետագայ տարիները, ուսման հնարաւորութիւնները։

Երիտասարդութեան խնդիրներուն ես ի պաշտօնէ նաեւ բաւական լաւ ծանօթ եմ, մեր կատարած ուսումնասիրութիւններու հիմամբ։ Ամէնէն կարեւորը այն է որ երիտասարդութիւնը կը հաւատայ ու վստահ է իր ապագային համար։ Ի հարկէ կան սոցիալական եւ զբաղուածութեան խնդիրներ։ Այնուամենայնիւ աշխատատեղիներու չգոյութեան հարց չէ միայն այս պարագան, այլ նաեւ մեր աշխատանքային մարզի եւ մասնագիտացած անձերու միջեւ յարաբերակցութեան հարցն է, որ դեռ եւս կարգաւորուած չէ։ Մեր երիտասարդները շատ անգամ կը ստանան մասնագիտութիւն այնպիսի մարզերու մէջ, որոնց պահանջարկը աւելի քիչ է, մինչ կան այլ մասնագիտութիւններ, որ չեն լրացուիր ոեւէ մէկուն կողմէ եւ շատ անգամ ստիպուած կþըլլանք դուրսէն մարդ հրաւիրելու։ Հոս՝ կարգաւորելու խնդիր կայ, պետական ծրագրերու ճշգրտութեան կարիք կայ։ 
Մեր նախարարութիւնը, ինչպէս եւ կրթութեան նախարարութիւնը համապատասխան ուսումնասիրութիւններ կը կատարենք այս ուղղութեամբ եւ վստահ եմ որ լաւ կը կարգաւորենք այս խնդիրը, որովհետեւ այսօր Արցախի տնտեսութեան մէջ նոր ուղղութիւններ, նոր հնարաւորութիւններ բացուած են։

Ի՞նչ մասնագիտութիւններու շուրջ կարիք կայ։

Նախ ըսեմ որ հին մտայնութիւնները դեռ կը յամենան։ Ինչպէս նախկին տարիներուն ծնողքը կը որոշէր երիտասարդի ուսման ուղղութիւնը, նոյնպէս այսօր՝ բոլորովին չէ վերացած այս մտայնութիւնը։ Կամ տղաքը կ'ընդունին ուսանիլ այն ինչ որ «մոտային» է, կամ բարձր վարձատրութիւն կ'ակընկալեն։ Հէնց այս պատճառով ալ անհամաչափութիւն կայ։ Շատեր նոյնիսկ մասնագիտութիւն կ'ընտրեն, բոլորովին տարբեր իրենց անձնական նախասիրութիւններէն։
Մէկ կողմէ, մենք պէտք է նոր մասնագիտութիւններ ներառնենք մեր կըրթական հաստատութիւններուն մէջ, միւս կողմէ (ինչ որ հեռանկարային է մեզի համար) պիտի փորձենք այդ մասնագիտութիւններու շուրջ հետաքրքրութիւնը բարձրացնել, որպէսզի վստահ ըլլայ այդ ճիւղը ընտրող երիտասարդը, թէ 5 տարի յետոյ, ինք կը կարողանայ իր ընտանիքը պահել եւ բարեկեցիկ կեանքով ապրիլ։

Որո՞նք են այն մարզերը։

Այսօրուայ դրութեամբ՝ Արցախի մէջ հեռանկարային է գիւղատնտեսութիւնը, հանքարդիւնաբերութիւնը (որովհետեւ այսօր երկրաբանական աշխատանքներ կ'ընթանան եւ նոր հանքեր կը գործեն)։ Հոս պէտք է ըսեմ, որ մասնաւոր հիմնադրամ հաստատուած է որպէսզի ճիշդ ձեւով կատարուին արդիւնաբերական աշխատանքները, ապահովելով նաեւ հետագայ սերունդներուն համար նոյն այս միջավայրը։ 
Այլ առաջնային հեռանկարային մարզ է զբօսաշրջութիւնը։ Այս ուղղութեամբ զարգանալու համար պէտք ենք նաեւ լեզուի խնդիրը լուծել։ Ինչպէս գիտէք, 70 տարի շարունակ մեր երկրորդ լեզուն ռուսերէնն էր, բայց հիմա խիստ անհրաժեշտ կը դառնայ այլ լեզուներու իմացութեան հարցը։ Հիմա տարուէ տարի կ'աւելնայ օտար զբօսաշրջիկներու հոսքը Արցախ, որոնք ամէնատարբեր երկիրներէն կը ժամանեն։ Չճանչուած երկիր ըլլալու հարցը որեւէ ձեւով ժխտական չ'ազդեր որպէսզի օտար մարդիկ լսեն, իմանան ու մօտէն այցելեն Արցախը, յատկապէս էքօթուրիզմի շուրջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ։ Այս կը նշանակէ թէ զբօսաշրջութեան եւ սպասարկման բնագաւառէն ներս մենք շատ պէտք ունինք օտար լեզուներու ծանօթ անձերու։

Մշակոյթի բնագաւառէն ներս կը տեսնենք հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ։ Ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէք։

Մշակութային քաղաքականութեան մէջ կարեւոր է յատկապէս երկու ուղղութիւն։ Մէկը՝ մեր մշակութային ինքնութեան վերականգնումը, տարածումը, քարոզումը, պահպանումը, միւսը՝ աշխարհին համարկուելու կարեւորութիւնը, մշակութային երկխօսութեան ընդմէջէն։ 
Երկու ուղղութեամբ ալ ներկայիս աշխատանք կը տանինք։ 2013ին շարք մը գործնական քայլեր առնուեցան, նաեւ իրաւական դաշտի կարգաւորման ուղղութեամբ, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան վերաբերող շարք մը օրէնքներու յստակացումով։ 
Նախարարութեան կից ստեղծած ենք Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն։ Մենք աշխարհը կը հետաքրքրենք մեր ինքնատիպութեամբ, բոլոր այն բաներով որ մեզ կը տարբերեն մնացեալներէն։ Եւ այս շատ կարեւոր է հասկնալ։ Որովհետեւ եթէ մենք մեզ չճանչնանք, եթէ մեր արմատներուն չկառչենք, մենք կը կորսնցնենք մեր զօրութիւնը։ Շարք մը ծրագրեր կան այս ուղղութեամբ, ինչպէս՝ ազգագրական փառատօն - տարեկան տարածումով, գորգագործութեան վերականգնումը եւ գորգարուեստի աւանդութիւններու պահպանումը։ Գիտէք, որ Շուշիի մէջ բացուած է Արցախեան գորգերու թանգարան. այդ ծիրէն ներս բացուած են նաեւ արհեստանոց-սթուտիոներ, ուր պիտի փորձենք ե՛ւ սորվեցնել երիտասարդներուն ե՛ւ արտադրանք ապահովել։ Նոյնպէս ունինք խեցեգործութեան սթուտիօ եւ կը փորձենք վերարտադրել հնագիտական աշխատանքներէ պեղուած խեցեգործութեան կարեւոր նմուշներ։
Մշակութային երկխօսութեան ծիրէն ներս կ'ուզեմ նշել, որ յաջողութեամբ կ'ընթանանք. ունինք միջազգային փառատօն՝ «Տնջրէ» անունով, որ կը խորհրդանշէ երկուզարամեայ սօսիի ծառը։ Անցեալ տարի 11 երկիրներէ մասնակցութիւններ ունեցանք։ 
Ունենք նաեւ քանդակի միջազգային մրցում Շուշիի մէջ, ուր եւս օտար անուանի քանդակագործներու ներկայութիւնը ունեցանք։
Այլ շատ ծրագիրներ կան, ու չեմ անդրադառնար մեր «սովորական» ծրագիրներուն, որ ամէն տարի երիտասարդներու մշակութային խումբեր կը մրցին տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուող մշակութային փառատօներու, միշտ ալ բարձրագոյն մրցանակներով վերադառնալով Արցախ։ Մասնաւորապէս մեր երգչախումբը, անցեալ տարի մասնակցեցաւ Լիթվայի միջազգային փառատօնին եւ երկու մրցանակով վերադարձաւ, առաջին հանդիսացած ըլլալով «պարտադիր կատարողական» բաժնին մէջ, որ լիթվացի հեղինակի մը ստեղծագործութիւնն էր, նոյնը՝ բոլոր երգչախումբերուն համար։
Մեր երիտասարդներուն մօտ կա՛յ բնատուր շնորհք։ Անոնք շատ ընդունակ են եւ անմիջապէս կը տեսնենք արդիւնքները, բարենպաստ պայմաններու ստեղծման պարագային։

Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play