ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թուրքիան Կը Վճարէ «Սի.Այ.Էյ.»ի Տնօրէնին եւ Լոպիիստներուն՝ Քիւրտերու Եւ «ԻՊ»ի Դէմ Յարձակումները Խեղաթիւրելու Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թուրքիան Կը Վճարէ «Սի.Այ.Էյ.»ի Տնօրէնին եւ Լոպիիստներուն՝ Քիւրտերու Եւ «ԻՊ»ի Դէմ Յարձակումները Խեղաթիւրելու Համար

  • 21-08-2015 11:16:08   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամբողջ աշխարհի տարածքին հրապարակուեցան հազարաւոր յօդուածներ, որոնք կը մերկացնեին Թուրքիոյ ռազմավարական խաբէութիւնը՝ օգտագործելով «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի պատրուակը՝ ձեռնարկելու համար ցեղասպանական ռմբակոծութեան արշաւի ընդդէմ քիւրտերու, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ խիզախօրէն կը դիմակայեն «Իսլամական պետութիւն»ը:
 
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» (Wall Street Journal) թերթը 12 Օգոստոսին տեղեկացուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը մեղադրած է Թուրքիան՝ ամերիկեան կառավարութիւնը խաբելու յանցանքով, արտօնելով Ինճիրլիքի ռազմակայանի օգտագործումը «Իսլամական պետութեան» վրայ յարձակելու համար, իբրեւ ծածկ նախագահ Էրտողանի կողմէ պատերազմ հռչակելուն քիւրտ զինեալներու (ՔԱԿ) դէմ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ: Մինչեւ օրս Թուրքիան կատարած է 300 օդային յարձակում ՔԱԿի եւ միայն երեք՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ։
 
Էրտողանի նպատակն է քիւրտերը պատժելու միջոցով շահիլ թուրք ընտրողներու համակրանքը յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք կարելիութիւն պիտի տան իր կուսակցութեան բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալու եւ հաստատելու մենատէր նախագահական կրօնապետութիւն:
 
Անգարան՝ ամերիկեան հանրութիւնը խաբելու եւ մոլորութեան մէջ ձգելու համար, քիւրտերուն դէմ իր պատերազմը սկսելէն քանի մը օր ետք վարձեց «Սքուայըր Փեթըն Պակս» ընկերութիւնը (Squire Patton Boggs) ամսական 32 հազար տոլարով, իբրեւ «Կեփհարթ Կրուփ» (Gephardt Group) հզօր լոպիական ընկերութեան ենթակապալառու: «Սքուայըր Փեթըն Պակս»ի կազմին մէջ են նախկին ծերակուտականներ Թրենթ Լաթ, Ճան Պրօ եւ Սպիտակ տան նախկին պաշտօնեայ Ռապըրթ Քափլա: «Կեփհար»չի թրքական լոպիական խումբը կազմուած է հետեւեալ ենթակապալառուներէն՝ Կրինպըրկ Թրորիկ, Պրայըն Ֆորնի, Լիտիա Պորլընտ եւ «Տիքշթայն Շափիրօ» ընկերութիւն. վերջինը իր լոպիական աշխատակազմին մէջ վերջերս ընդունած է «Սի.Այ.Էյ.»ի նախկին տնօրէն Փորթըր Կասը: Թուրքիոյ կողմէ վարձուած այլ լոպիական ընկերութիւններն են՝ «Կոլտըն Սոլիւշընզ»ը (Goldin Solutions), «Ալփայթաք»ը (Alpaytac), «Ֆին Փարթնըրզ»ը (Finn Partners), «Ֆերահ Օզպեք»ը (Ferah Ozbek) եւ «Կոլին/Հերիս Ինթըրնէյշընըլ»ը (Golin/Harris International): Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն՝ Թուրքիա տարեկան շուրջ 5 միլիոն տոլար կը վճարէ այս լոպիական-հանրային կապերու
 
ընկերութիւններուն: Բացի ատկէ, ոչ-շահութաբեր քանի մը ամերիկեան կազմակերպութիւններ իբրեւ ճակատ կը ծառայեն թրքական կառավարութեան՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ նպաստելու անոր շահերուն, Քոնկրեսի անդամներն ու լրագրողները հրաւիրելով Թուրքիա՝ ամբողջովին վճարուած զբօսանք-խնճոյքներու համար:
 
Թուրքիոյ համար աշխատող ամերիկեան լոպիիստներէն հաւանաբար ամէնէն վիճայարոյցը Փորթըր Կասն է՝ 2004-2006 թուականներուն «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնը, որ համաձայնած է ծախել իր հոգին, հաւանաբար նաեւ Միացեալ Նահանգներու ազգային գաղտնիքները, բուռ մը թրքական լիրայի համար:
 
Յատկանշական է, որ համաձայն «Օտար գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին՝ արդարադատութեան բաժանմունքին Կասի ներկայացուցած զեկոյցին մէջ ան խուսափած է թրքական կառավարութեան կողմէ իր վարձատրութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանելէ: Ան պարզապէս գրած է. «Աշխատավարձը հիմնուած չէ միայն օտար յաճախորդին (Թուրքիա) մատուցուող ծառայութիւններուն վրայ։
 
2015ի Ապրիլ 23ին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Կաս հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Թուրքիոյ կատարած իր ծառայութիւնները.
 
1. Ապահովել խորհրդատուութիւն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման առնչութեամբ շարք մը առանցքային ոլորտներու մէջ, որոնք քննարկման առարկայ են Քոնկրեսին համար, ներառեալ առեւտուր, ուժանիւթային անվտանգութիւն, հակաահաբեկչական ջանքեր եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ տարածաշրջանային կայունութիւն ապահովելու համար ջանքեր:
 
2. Իրազեկել Քոնկրեսի անդամներն ու Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին:
 
3. Տեղեկացնել Թուրքիան Քոնկրեսի կամ գործադիր իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշման մասին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն:
 
4. Պատրաստել իրադարձութիւններու վերլուծութիւն՝ Քոնկրեսի եւ գործադիր իշխանութեան մօտ Թուրքիան յուզող հարցերուն մասին:
 
Յատկանշական է, որ Կասի գործատուն՝ «Տիքշթայն Շափիրօ»ն, խաբած է արդարադատութեան նախարարութիւնը՝ անոր ծառայութեան մեկնարկէն երկու օր, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն երեք օր առաջ զեկուցելով, որ «Սի.Այ.Էյ.»ի նախկին տնօրէնը իր լոպիական ընկերութեան անունով արդէն հանդիպում ունեցած է Քոնկրեսի ինը անդամներու հետ՝ քննարկելու «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները»:
 
Ամենայն հաւանականութեամբ, Թուրքիոյ համար իբրեւ լոպիիստ Փորթըր Կասի վարձատրութիւնը պարգեւատրում էր թրքական հարցերուն մէջ անոր հաւատարիմ աջակցութեան՝ 1989-2004 թուականներուն Ֆլորիտայէն հանրապետական քոնկրեսական եղած ատեն: 2000ի Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի քննարկման ատեն քոնկրեսական Կաս, որ այդ ատեն Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահն էր, դէմ արտայայտուեցաւ բանաձեւի ընդունման՝ իբրեւ արդարացում օգտագործելով այն, որ ատիկա կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն: Այնուամենայնիւ, Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ընդունուեցաւ 24 թեր, 11 դէմ քուէներով:
 
Շատ ամօթալի է, որ Քոնկրեսի նախկին անդամները իրենք զիրենք կը վաճառեն ոեւէ մէկուն, որ պատրաստ է իրենց դրամ տալ: Բայց «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէ՞նը… Ասիկա ոչ միայն անբարոյականութիւն է, այլ նաեւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան: Ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք չէ արտօնէ իր բարձրագոյն լրտեսին վաճառքը բարձրագոյն գին առաջարկողին… Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ յանկարծ Հիւսիսային Քորէան աւելի բարձր գին առաջարկէ անոր: Արդեօք Կաս պիտի նետուի՞ թշնամի պետութեան օգտին լոպիիստութիւն ընելու՝ պարզապէս քանի մը տոլար աւելի վաստակելու համար:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play