Քննադատել, այո՛, բայց ի՞նչը եւ ինչպէ՞ս


Քննադատել, այո՛, բայց ի՞նչը եւ ինչպէ՞ս

  • 28-12-2018 08:34:38   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
 
 
«Նամակ երկրէն»ի ընթերցողներէն շատեր, ինծի ուղարկուած նամակներով կը հարցնեն, թէ ինչու՞ չեմ քննադատեր նոր իշխանութիւնները, հիմա բոլորը մէկ անգամէն հրեշտա՞կ դարձան, սխալներ չե՞ն գործեր...
Հարցումը տեղին է եւ պէտք է խոստովանիմ, որ յեղափոխութենէն յետոյ, ես խուսափած եմ նոր իշխանութիւններու հասցէին սուր քննադատութիւններ կատարելէ: Մայիսէն յետոյ կազմաւորուած կառավարութիւնը ընդամէնը համարած եմ փոխանցման իշխանութիւն, մինչեւ՝ նոր ընտրութիւններ ու նոր կառավարութեան կազմութիւն: Այդ օրերուն, նորակազմ կառավարութիւնը չունէր խորհրդարանական մեծամասնութիւն եւ անբնական վիճակ մը ստեղծուած էր, երբ փոքրամասնութիւնը իշխանութիւն կը դառնար՝ առանց մեծամասնութիւն ունենալու խորհրդարանին մէջ: Հիմա, երբ 25 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով համեմտաբար շատ աւելի մաքուր ըտրութիւններ տեղի ունեցան, իշխանութիւններու երկուութեան խնդիր չկայ այլեւս, ժողովրդային շարժումին ներկայացուցիչները մեծամասնութիւն են խորհրդարանին մէջ:
 
Ուրեմն, նոր կառավարութեան կազմութեան առաջին իսկ օրէն, պիտի քննադատեմ իշխանութիւնները, եթէ հրաժարին յեղափոխութեան նպատակներէն: Ինծի համար, յեղափոխութիւնը աւարտած կ'ըլլայ միայն այն ատեն, երբ ունենանք անկախ եւ առողջ արդարադատութիւն, երբ բոլոր ընտրութիւնները տեղի ունենան ազատ եւ արդար պայմաններու տակ, երբ անդուլ եւ խիստ պայքարով մեր հայրենիքէն վերջնականապէս արմատախիլ ըլլայ կոռուպցիան, երբ օրէնքով պատժուին բոլո՛ր, անխտիր բոլո՛ր անոնք, որոնք թալանած են երկիրը եւ հայու արեան ու կեանքի պատճառ դարձած են:
 
Նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի քննադատեմ, եթէ իրենց ընկերատնտեսական քաղաքականութիւնը ծառայէ միայն փոքր շերտի մը, վերնախաւի մը շահերուն, եւ նկատի չունենայ հայ աղքատ դասակարգի եւ աշխատաւոր խաւին կեանքի որակի արմատական բարելաւումը:
 
Նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի քննադատեմ, եթէ անիկա Արցախի հարցով ընդունի նախորդ իշխանութիւններուն եւ անոնց սպասարկուներուն ընդունած Մատրիտեան փաստաթուղթը, ուր սեւով ճերմակի վրայ ամրագրուած է 7 ազատագրուած շրջանները Ադրբեջանին վերադարձնելու հայկական պարտաւորութիւնը:
 
Պիտի քննադատեմ նոր կառավարութիւնը, եթէ հայրենադարձութիւնը, ազատագրուած տարածքներու բնակեցումը եւ համայն հայութեան հետ հայաստանակեդրոն քաղաքականութեան մշակումն ու գործադրումը չդառնայ առաջնահերթութիւն:
 
Նոր իշխանութիւնները պիտի քննադատեմ, եթէ կառավարութիւնը լեցնեն հաւատարիմներով, եւ ոչ՝ մասնագէտներով: Անցնող 6 ամիսներուն, հասկնալի էր կառավարութիւնը հաւատարիմներով կազմելու դրդապատճառը: Ի վերջոյ, խաղաղ յեղափոխութեամբ իշխանութեան եկած ուժը ոչ միայն փոքրամասնութիւն էր խորհրդարանին մէջ, այլեւ՝ ստիպուած էր ամէն օր դէմ դնել իշխանութեան կառչած, մեծամասնութիւն կազմող ուժերու խարդաւանանքներուն եւ քաղաքական դաւադրութիւններուն: Հիմա այլեւս ուրիշ է պատկերը եւ խորհրդարանին մէջ 70 տոկոս մեծամասնութիւն ունեցող ուժը պէտք չունի հաւատարիմներով լեցնելու գործադիր մարմինները:
 
Ու դեռ պիտի քննադատեմ նոր ղեկավարները, եթէ սահմանադրական բարեփոխութիւններով վերատեսութեան չ'ենթարկեն սուբերվարչապետական համակարգը, որ ինքնին խորհրդարանական համակարգի ժխտումն է, եւ որ բոլորի լուռ մեղսակցութեամբ՝ մշակուած էր Սերժ Սարգսեանի իշխանատենչական քմահաճոյքին հագուրդ տալու համար:
 
Ես ախորժակներս սրած եմ եւ կը պատրաստուիմ կառուցողական քննադատութիւններու սլաքը ուղղել դէպի նոր կազմուելիք կառավարութիւն: Անցեալին ալ խիստ քննադատած եմ իմ կարծիքով յոռի բոլոր երեւոյթները: Բայց ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ այսօր, ես ինծի թոյլ չեմ տուած թէկուզ եւ զեղծարարութիւններով իշխանութեան եկած ուժերուն օտարի գործակալ ու դաւաճան յայտարարելու:
 
Իսկ ի՞նչ կը տեսնենք հիմա: Խումբ մը փոքրաթիւ մարդիկ, օգտագործելով իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցած այլազան լծակները, աշխարհով մէկ քարոզչութիւն կը տանին, եւ տիւ ու գիշեր կը փորձեն հանրութեան համոզել, որ այս իշխանութիւնները օտարներու օրակարգը կը պարտադրեն մեր հայրենիքին, անոնք օտարներու օգնութեամբ իշխանութեան հասած են, օտարներու շահերուն ծառայելու համար կատարած են յեղափոխութիւնը: Այսինքն, այլ խօսքով, անոնք օտարի գործակալներ են, ուրեմն եւ՝ դաւաճաններ: Այս տեսակի «քննադատութիւնները» ոչ միայն ընդունելի չեն, այլեւ՝ վտանգաւոր են եւ կրնան լուրջ, շատ լուրջ սպառնալիքներ ստեղծել մեր երկրին համար ու միամիտ մարդոց մղել, որ իրենք իրենց իրաւունք տան հաշուեյարդարի նստելու օտարի «գործակալ»ներու եւ ազգի «դաւաճան»ներու հետ:
 
Քննադատենք, այո, բայց քննադատութիւնը չշփոթենք այլ նպատակներ հետապնդող քարոզչութեան հետ: Հասկնալի է, դժուար է իշխանութիւն կորսնցնելը, մանաւանդ երբ յաւիտենական կը թուէին գահն ու իշխանական աթոռին ընձեռած բարիքները: Սակայն, ի սէր կայունութեան եւ հայրենիքի անվտանգութեան, պէտք է այլեւս ընդունիլ պարտութիւնը եւ մեծահոգաբար ղեկը յանձնել նորերուն, բայց միաժամանակ զգուշացնողի, յանդիմանողի եւ քննադատողի դիրքերէն չհրաժարիլ: Ես այսպէս կը հասկնամ քնադատութիւնն ու ընդդիմախօսութիւնը:
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէք ինծի:
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն