ԶՈՄԲԻՆԵՐԻ ԵՒ... ԶՈՄՊԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ


ԶՈՄԲԻՆԵՐԻ ԵՒ... ԶՈՄՊԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

  • 18-02-2019 10:21:09   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ դեռ տաք էր մեր հայրենիքի օրհներգը փոխելու թեման եւ թէժ քննարկումներ տեղի կ՚ունենային գրեթէ ամէնուր, ընկերային ցանցերու եւ տպագիր ու համացանցային մամուլին մէջ հանդէս եկայ գրութիւնով մը՝ «Օրհներգի եւ... Օրհներգի մասին» խորագրով։ Բազմաթիւ դրական արձագանգներու կողքին, արժանացայ նաեւ շատ «քաղցր» խօսքերու, կարծիքներս չկիսող կամ այլ տարտեր եւ հաշիւներ ունեցող մարդոց կողմէ։ Չեմ գիտեր ի՜նչ մեղք գործած էի այս գրութեան մէջ, ի՜նչ մեծ յանցագործութիւն կատարած էի, որ աջէն ու ձախէն կարգ մը իմաստուն մարդիկ զիս ամբաստանեցին դեռ նոր ընտրուած իշխանութիւններուն մէջքէն հարուածելու, իսկ ուրիշներ ալ՝ ազգային արժէքներու պահապան կուսակցութիւններուն անտեղի քննադատելու մէջ: 
Հաւանաբար մեծագոյն մեղքս այն էր, որ այս ու նախորդ «Նամակ երկրէն»ներով համարձակութիւնը ունեցած էի քննադատելու ե՛ւ նորերը ե՛ւ հիները՝ մեր պետական օրհներգը փոխելու ներկայի եւ անցեալի փորձերուն, ներկայի եւ անցեալի ձախողութիւններուն եւ այլ բազմաթիւ բաներու համար:
Մէկը զիս կը քննադատէր իբրեւ «անյոյս դաշնակ», իսկ ուրիշ մըն ալ զիս կը համարէր այս «դաւաճան» իշխանութիւններու նոյնքան դաւաճան պաշտպան: Կային, ի հարկէ, նաեւ մարդիկ, որոնք շատ աւելի լուրջ մակարդակով քննարկումներ կատարեցին հետս, իմ արծարծած թեմաներուն մասին, եւ պարզապէս ոչ միայն հաճոյք, այլ նաեւ դաստիարակիչ էր անոնց հետ բանավիճիլը:
 
Եւ այսպէս, դիմատետրի վրայ, գրութեանս տակ՝ գրառումներու մէջ ընթերցող մը կը գրէր. «Կարդացի: Հասկացայ, որ դաշնակների հետ երկխօսելը դժուար է՝ միայն իրանք են հայրենասէր, իրանք գիտեն ճշմարտութիւնը եւ այլն», եւ անդրադառնալով վերջին ընտրութիւններուն, կ'աւելցնէր՝ «բայց երեւի մի բան այլեւս իրենց հետ այն չէ մայր Հայաստանում...»
Նոյն օրը, դիմատետրի այլ ընթերցող մը կ'ուղարկէր հետեւեալ պատգամը. «Պարոն Ռաֆֆի, ես ուղղակի զարմացած եմ, որ դուն տակաւին չես հասկցած, որ այս իշխանութեան ջանքերը շարունակութիւնն է աղտոտ համայնավարներու կիսատ թողած գործը իր աւարտին հասցնելու եւ կամ դուն ալ մէկ անդամն ես այդ գործընթացը հեշտացնելու» եւ վերջաւորութեան կը խրատէր «համբալ համբալ» չգրել:
Ուրիշ մը, «նամակ»ս “share” ըրած մէկու մը էջին վրայ գրելով, ֆաշիստ կ'անուանէր զիս. «Դուն երեւի ֆաշիստ ես: Լեզուդ չոռնայ, լկտի՛, որ 70 տարուան Սովետական Հայաստանի մեր 20-րդ դարու ոսկեդարին մասին այդպիսի կեղտոտ, նացիստ արտայայտութիւններ կ'ունենաս, սրիկա՛յ...»
Իսկ այլ ընթերցող մը այս իշխանութիւններուն մասին կ'ընէր հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Դժբախտ զոհուած ընկերներուն արցունքով տղաք մեծցան եւ զոհուեցան: Հայրեր մայրեր լացին ողբացին, եղբայրներ քոյրեր ցաւեցան տանջուեցան եւ հիմա այս դաւաճաններուն ձեռքը ինկաւ մեր հայրենիքը...»
 
Այսօրինակ գրութիւնները ամէն տեղ են: Ամէն օր ականատես կ'ըլլանք մտքի նմանօրինակ հրաշալի փայլատակումներու: Հայաստանեան իրականութեան մէջ, ընդդիմադիր շրջանակներ վերջերս սկսան տարածել «զոմբի» հասկացութիւնը, նկարագրելու համար Նիկոլ Փաշինեանի կոյր հետեւորդները, որոնք մեր երկրի վարչապետին մասին ո՛չ մէկ քննադատութիւն կ'ընդունին, ո՛չ մէկ բացասական կարծիք կը հանդուրժեն: Բայց ըսեմ, որ զոմբիները միայն նիկոլականները չեն: Անոնք ամէն տեղ են, բոլո՛ր քաղաքական ուժերուն մէջ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի: Յայտնի լրագրող եւ մտաւորական Թաթուլ Հակոբյանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձայ զոմբիներու երեւոյթին եւ մտածումներս բարձրաձայնեցի ըսելով, որ զոմբիները Աստուծոյ տուած մտածելու շնորհքէն կամաւոր կերպով զիջած մարդիկն են: Անոնք, իբրեւ քաղաքական էակներ, մտածելու իրենց իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը, հմտութիւնն ու կարողութիւնը զիջած են առաջնորդի մը, կամ խումբ ղեկավարներու, եւ հալած իւղի նման կը կլլեն եւ երկինքէն իջած տասնաբանեայի սրբութեամբ՝ իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն կ'ընդունին իրենց հրամցուած տեսակէտներն ու կարծիքները: Ու ոչ միայն կ'ընդունին ու կ'անցնին կ'երթան իրենց գործին, այլեւ՝ Պապէն աւելի կաթոլիկ կ՚ըլլան ու սուր կը ճօճեն հակառակ կամ թէկուզ եւ այլ կարծիք ունեցող մարդոց վրայ: Անոնք պատրաստ են դաւաճան հռչակելու բոլոր անոնց, որոնք տարբեր տեսակէտ ունին եւ դեռ պատրաստ են կուրօրէն քարկոծելու բոլոր «մեղանչեալներուն»:
 
Մեր իրականութեան մէջ զոմբիների կամ զոմպիներու գոյութիւնը, փառք Աստուծոյ այնքան շատ է, որ կարելի է ըսել՝ որտեղ հայ, այնտեղ ալ զոմբի: Ձեւով մը, հաւանաբար, զոմբի ըլլալու մէջ ապահովութիւն մը կայ, անվտանգութեան զգացում մը, ոհմակային հոգեբանութիւն մը կայ: Աւելի հեշտ է ըլլալ զոմբի կամ զոմպի, քան ունենալ սեփական տեսակէտ:
 
Եւ ուրեմն՝ կեցցէ՛ն զոմբիներն ու զոմպիները, որ ապրելու են ու պիտի ապրին ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում եւ Սփիւռքի տարբեր ոստաններու մէջ:
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ'ք ինծի:
rafdoud@aol.com
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play