Յարութ Սասունեան. «Քորոնա» Ժահրը Կարելիութիւն Ստեղծեց Հայ Դատի Առցանց Հետապնդման


Յարութ Սասունեան. «Քորոնա» Ժահրը Կարելիութիւն Ստեղծեց Հայ Դատի Առցանց Հետապնդման

  • 06-05-2020 17:26:42   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

«Քորոնա» ժահրային համավարակը խաթարեց ամբողջ աշխարհի հայութեան աւանդական ծրագրերը՝  24 Ապրիլին ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը։ Այսուամենայնիւ, հայերը շատ արագ յայտնաբերեցին Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նոր եղանակներ՝ փողոցային բողոքներն ու մեծ հաւաքները փոխարինելով առցանց երթերով եւ համացանցային ծրագրերով։ Ապագային, երբ այս համավարակը աւարտի, հայերը կրնան ի լրումն Ապրիլ 24ի հանրային միջոցառումներու՝ օգտագործել որոշ համացանցային եւ տեսանիւթային նոր մեթոտներ։
 
Այս տարուան Ապրիլ 24ին, հայերը տարբեր երկիրներու մէջ առցանց ծրագրեր իրականացուցին՝ աւանդական փողոցային բողոքի ցոյցերու եւ յիշատակի փակ միջոցառումներու փոխարէն: Այսօր կ՛անդրադառնամ այդ ծրագրերէն մէկուն՝ HyeID առցանց քայլարշաւին:
 
HyeID Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գործող ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, որ ստեղծուած է երեք տարի առաջ՝ ծրագրելու համար Սփիւռքի ապագայ հայկական խորհրդարանը։ Այս տարի, HyeID խումբը կազմակերպեց առցանց ոգեկոչման արարողութիւն՝ Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին, 22 Ապրիլէն սկսեալ: Քանի մը օրուան ընթացքին, աւելի քան 341 հազար հայեր եւ որոշ օտարներ ամբողջ աշխարհէն, April24.Hyeid.org կայքէջի վրայ հաստատեցին հետեւեալ ուղերձը․ «Մենք ստիպուած ենք մնալ տունը այս Ապրիլ 24ին, բայց մենք կը միանանք առցանց քայլարշաւին։ Մենք Արդարութիւն  կը պահանջենք 1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան համար»։
 
Հրապարակումէն ետք, քանի մը ժամուան ընթացքին կայքէջը ենթարկուեցաւ շարունակական եւ զանգուածային յարձակման՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, որոնք կը փորձէին կոտրել կայքը։ Բարեբախտաբար, HyeIDի խորհուրդի անդամ, ճարտարագէտ-ծրագրաւորող Արամ Տէր Մարտիրոսեան եւ անոր խումբը արագ արձագանգեցին՝ արգելափակելով յարձակման փորձերը: Նման կազմակերպուած ելեկտրոնային յարձակում կրնար իրականացուիլ միայն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններու կողմէ: Ասիկա կը կոչուի «Ծառայութիւններու ժխտման յարձակումներ» (DoS յարձակումներ), զորս Ուիքիփետիա կը բնութագրէ իբրեւ «սայպըր (cyber) յարձակում, որով յանցագործը կը փորձէ սարքաւորումը կամ ցանցային աղբիւրը դարձնել անհասանելի իր կողմէ նախատեսուած օգտուողներուն համար՝ համացանցին միացուած «հիւրընկալման» (hosting) ժամանակաւորապէս կամ անորոշ ժամանակով խափանման միջոցով։ Ծառայութեան ժխտման, իբրեւ կանոն, կը հասնին թիրախաւորուած սարքաւորումը կամ աղբիւրը աւելորդ հարցումներով հեղեղելով՝ փորձելով համակարգերը ծանրաբեռնելու միջոցով կանխել որոշ կամ բոլոր օրինական պահանջներու կատարումը»: Երկու օր ու գիշեր աշխատելով՝ Տէր Մարտիրոսեանի աշխատակազմը յաջողեցաւ արգելափակել Ապրիլ 24ի կայքին վրայ կատարուած յարձակումներու հեղեղը:
Եւս մէկ անյաջող, խանգարող արարք դրսեւորեց «Կուկըլ», որ արգելափակեց Արամ Տէր Մարտիրոսեանի եւ անոր աշխատակազմին ստեղծած HyeID յաւելուածը Google Playի մէջ։ Թուրք եւ ատրպէյճանցի «յարձակող»ները, անյաջողութեան մատնուելով իրենց խափանիչ ջանքերուն մէջ, հաւանաբար բողոքած էին «Կուկըլ»ի՝ Ապրիլ 24ի ծրագրով աշխատող յաւելուածը հանելու համար։ «Կուկըլ»ի վատ արարքը զգալիօրէն սահմանափակեց առցանց քայլարշաւի մասնակիցներու թիւը:
 
«Կուկըլ» հետեւեալ վիրաւորական հաղորդագրութիւնը ուղարկեց Արամի․ «Մենք թոյլ չենք տար այնպիսի ծրագրեր, որոնց մէջ կը բացակայի խելամիտ զգայնութիւնը բնական աղէտի, վայրագութեան, բախման, մահուան կամ այլ ողբերգական իրադարձութեան նկատմամբ կամ անոնց շահարկումը»։ «Կուկըլ» արգելափակեց նաեւ Արամի Connect To Communications, Inc. ընկերութեան «Կուկըլ»ի հաշիւը՝ խափանելով եւ վնաս հասցնելով անոր գործարքին։ Արամ անմիջապէս բողոք ներկայացուց «Կուկըլ»ի՝ յայտնելով, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը, ուր կը գտնուի «Կուկըլ»ի գլխաւոր գրասենեակը, եւ Միացեալ Նահանգները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Կուկըլ» չէ արձագանգած Արամի բողոքին։ Կ՛առաջարկեմ, որ HyeID կամ Արամ դատական հայց ներկայացնեն «Կուկըլ»ի, որպէսզի վերջինս չեղեալ համարէ իր սխալ որոշումը յաւելուածի մասին:
HyeID խումբը իր Ապրիլ 24ի յղումը տեղադրեց նաեւ Դիմատետրի վրայ՝ ստանալով մեծ թիւով արձագանգներ։ Այս առցանց քայլարշաւը 198 երկիրներէ եւ տարածքներէ հաւաքեց 341 հազար մասնակիցներ, որոնց շարքին՝ 300 հազար հայեր եւ 41 հազար այլազգիներ։ Մեծ նուաճում էր, որ Apple Storeի Ապրիլ 24ի ծրագիրը դասակարգուեցաւ իբրեւ ամէնէն մեծ 10 ներբեռնուած յաւելուած iPhoneներու եւ iPad-երու համար, ամբողջ աշխարհի մէջ:  
 
Բացի ամբողջ աշխարհի վրայ 41 հազար օտարներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանրայնացումէն՝ այս ջանքերուն յաջորդ արդիւնքը եղաւ այն, որ առաջին անգամ յայտնաբերեցինք, որ հայեր կան աշխարհի 198 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ։ 
 
HyeID խումբը հիացած էր, որ այսպիսի մեծ թիւով հայեր եւ օտարներ մասնակցեցան Ապրիլ 24ի առցանց քայլարշաւին։ Թէեւ այս ցուցանիշը շատ ցած է աշխարհի վրայ ապրող մօտաւորապէս 10 միլիոն հայերու թիւի համեմատութեամբ, սակայն HyeID խումբը զարմացաւ, երբ պարզեց, որ հայերը ցրուած են ամբողջ աշխարհի մօտաւորապէս 200 երկիրներու մէջ։ Ահա որոշ երկիրներու եւ տարածքներու մասնակիցներու թուական պատկերը.
Ռուսիա՝ 121 415 հայ, 10 677 օտար․
Հայաստան՝ 54 065 հայ, 3 760 օտար․
ԱՄՆ՝ 50 390 հայ, 4 071 օտար․
Ֆրանսա՝ 13 476 հայ, 1 797 օտար․
Վրաստան՝ 9 917 հայ, 1 049 օտար․
Լիբանան՝ 6 016 հայ, 828 օտար․
Քանատա՝ 5 598 հայ, 373 օտար․
Պելճիքա՝ 4 565 հայ, 313 օտար․
Իրան՝ 4 440 հայ, 441 օտար.
Գերմանիա՝ 3 748 հայ, 522 օտար․
Արժանթին՝ 3 547 հայ, 966 օտար․
Հոլանտա՝ 2 962 հայ, 230 օտար․
Ուքրանիա՝ 2 885 հայ, 416 օտար․
Սպանիա՝ 2 473 հայ, 291 օտար․
Յունաստան՝ 1 747 հայ, 187 օտար․
Միացեալ Թագաւորութիւն՝ 1 664 հայ, 266 օտար․
Աւստրիա՝ 1 223 հայ, 51 օտար․
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ 1 174 հայ, 205 օտար․
Աւստրալիա՝ 1 012 հայ, 61 օտար․
Սուրիա՝ 1 010 հայ, 83 օտար․
Արցախ՝ 961 հայ, 177 օտար․
Կիպրոս՝ 872 հայ, 77 օտար․
Թուրքիա՝ 795 հայ, 410 օտար․
Լեհաստան՝ 651 հայ, 475 օտար․
Շուէտ՝ 611 հայ, 156 օտար․
Եգիպտոս՝ 425 հայ, 85 օտար․
Ատրպէյճան՝ 201 հայ, 99 օտար․
Նախիջեւան՝ 100 հայ, 33 օտար ։ 
 
 Հետաքրքրական է, որ բուռ մը հայ մասնակիցներ կան այնպիսի անսպասելի տեղերու մէջ, ինչպիսին են՝ Մոնկոլիան, Հիւսիսային Մարիանեան կղզիները, Ուէյք կղզին, Ինտոնեզիան, Ուոլիսը եւ Ֆութունան, Ամերիկեան Սամոան, Ֆրանսական Փոլինեզիան, Նոր Քալետոնիան, Վանուաթուն, Ֆիճին, Անթարքթիքան, Լիպիան, Ալճերիան, Մալին, Մատակասքարը, Մավրիքիոսը, Չաթը, Թանզանիան, Քոնկոն, Նամիպիան, Զիմպապուէյը, Քենիան, Զամպիան, Մոզամպիքը, Հարաւային Ափրիկէն, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Մալտիւները, Իսլանտիան եւ Կրենլանտիան:
 
Սեփական երկրի եւ քաղաքի մէջ առցանց քայլարշաւի արդիւնքները պարզելու համար, կը խնդրեմ այցելէք եւ դիտէք www.HyeID.org-ի փոխազդեցիչ զեկոյցը։ Կրնաք նաեւ գիտնալ ձեր շրջապատի մասնակիցներուն թիւը՝ ընտրելով հեռաւորութիւնը ձեր շրջանէն: Ինչպէս կ՛ըսեն՝ «Ամէն տեղ հայ կայ»։
 
 Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն