Յարութ Սասունեան.Արցախի Մէջ «Չպայթած» Ռուսական Հրթիռները Քաղաքական Պայթիւն Յառաջացուցին Հայաստանի Մէջ


Յարութ Սասունեան.Արցախի Մէջ «Չպայթած» Ռուսական Հրթիռները Քաղաքական Պայթիւն Յառաջացուցին Հայաստանի Մէջ

  • 04-03-2021 11:28:00   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Բառերը ունին իմաստ եւ հետեւանք, ինչպէս յայտնաբերեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, երբ անցեալ շաբաթ լրագրողին ըսաւ, որ ռուսական հզօր «Իսքենտեր» հրթիռները, որոնք ենթադրաբար արձակուած են Հայաստանի կողմէ անցեալ տարուան Նոյեմբերին, արցախեան պատերազմի ընթացքին, «չեն պայթած կամ պայթած են 10 տոկոսով»։ Այս տարօրինակ յայտարարութիւնը հնչեց ի պատասխան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցին, ուր ան կը հարցնէր, թէ ինչո՛ւ Փաշինեան չէ հրամայած կիրարկել «Իսքենտեր» հրթիռները արցախեան պատերազմի սկզբնական շրջանին:
Վարչապետին խիստ վիճայարոյց յայտարարութենէն քանի մը օր անց, անոր խօսնակը յայտարարեց, որ Փաշինեանի «ճիշդ չեն զեկուցած ռուսական հրթիռներու մասին»: Բայց արդէն շատ ուշ էր՝ վնասը հասցուած էր։
 
Ոչ ոք չէր կրցած կանխատեսել այն անսպասելի իրադարձութիւններու շղթան, որ յաջորդեց Փաշինեանի՝ «Իսքենտեր» հրթիռներու արժանիքները կասկածի տակ դնող խօսքերուն, հռթիռներ, զորս Ռուսիա բացառապէս Հայաստան ուղարկած էր: Մեծ թիւով ռուս ռազմական փորձագէտներ եւ քաղաքական  ղեկավարներ  շատ  կոշտ արձագանգեցին Փաշինեանի յայտարարութեան` զայն համարելով  որպէս  մեծապէս  գնահատուած ռուսական հրթիռներու եւ Ռուսիոյ պաշտպանական  արդիւնաբերութեան  հեղինակութեան վարկաբեկում:
 
Սակայն, Հայաստանի ներսը արձագանգը ոչ պակաս կործանարար էր: Երբ Հայաստանի զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, հրամանատար Տիրան Խաչատրեանէն խնդրեցին մեկնաբանել «Իսքենտեր» հրթիռներու չպայթելու մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնը, ան ծիծաղալով պատասխանեց, որ այդ անկարելի է եւ լուրջ բան չէ:
 
Վարչապետ Փաշինեան լսելով այս արձագանգին մասին, անմիջապէս հրամայեց աշխատանքէն հեռացնել Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալին: Նախագահ Արմէն Սարգսեան հաւանութիւն տուաւ անոր պաշտօնանկութեան՝ համաձայն Սահմանադրութեան մեջ նախանշուած գործընթացի: Վարչապետը, անշուշտ, ծայրայեղօրէն արձագանգեց Խաչատրեանի քամահրանքին, մանաւանդ որ նոյնինքն՝ Փաշինեանն էր, որ զայն նշանակած էր Յունիս 2020ին եւ շնորհած հեղինակաւոր «Ազգային հերոս» շքանշանը՝ Արցախի պատերազմին մէջ ունեցած նշանակալի դերակատարութեան համար:
 
Ի պատասխան՝ Հայաստանի մի քանի տասնեակ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներ, 25 Փետրուար 2021ին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ պահանջելով վարչապետի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը: Յայտարարութիւնը ստորագրած էին Ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեան եւ 40 բարձրաստիճան այլ սպաներ, ներառեալ 17 հրամանատարներ եւ բանակային բոլոր հինգ բաժիններու հրամանատարները: Աւելի ուշ, իրենց ստորագրութիւններով գործընթացին միացան  զինուորականներու եւ ոստիկաններու ղեկավարները:
Զինուորականութեան յայտարարութիւնը կ՛արտայայտէր իր «վճռական բողոքը» ընդդէմ Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալի «անհեռատես եւ չհիմնաւորուած» պատճառներով հեռացման՝ «առանց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ պետական շահերը հաշուի առնելու՝ հիմնուելով միայն անձնական եւ յաւակնոտ զգացումներու վրայ»: Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ «տիրող ծանր պայմաններու մէջ, երկրին համար նման որոշում մը հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ է: Հայաստանի վարչապետը եւ կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չեն տալու նպաստաւոր որոշումներ՝ հայ ժողովուրդին համար ճգնաժամային եւ ճակատագրական այս իրավիճակին մէջ: Հայաստանի զինուած ուժերը երկար ժամանակ համբերատար կերպով կը հանդուրժէին գործող իշխանութեան կողմէ զինուած ուժերը վարկաբեկելու միտող «գրոհներուն», սակայն ամէն բան ունի իր սահմանները...:  Գործող իշխանութիւններու անարդիւնաւէտ կառավարումը եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ցուցաբերած լրջագոյն սխալները երկիրը հասցուցած են կործանման եզրին: Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի զինուած ուժերը կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը․․․:»։
 
Փաշինեան  իր Դիմատետրի էջին մէջ անմիջապէս յայտարարեց Ընդհանուր հրամանատարը գործէն արձակելու մասին: Վարչապետը զինուած ուժերու յայտարարութիւնը կոչեց «ռազմական յեղաշրջման փորձ»՝ յորդորելով իր համակիրները հաւաքուիլ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր ինք անոնց միացաւ եւ բարձրախօսը ձեռքին՝ երթով քալեց Երեւանի փողոցներուն մէջ: Ասիկա խիստ անպատասխանատու քայլ մըն էր Փաշինեանի կողմէ, որ  յանդգնեցաւ դուրս գալ փողոց, իր բնութագրմամբ՝ ռազմական յեղաշրջման փորձի ժամանակ, բան մը, որ կրնար յանգեցնել երկրին համար ողբերգական հետեւանքներու, եթէ ոեւէ մէկը վնաս հասցնէր իրեն:
 
Երբ Փաշինեան հրամայեց ազատ արձակել Զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը, այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան՝ խորհրդակցելով քաղաքական համակարգի բոլոր կողմերուն հետ, հրաժարեցաւ ստորագրելէ վարչապետին հրամանը՝ այդ մէկը նկատելով հակասահմանադրական: Ապա վարչապետը գործէ արձակման երկրորդ պահանջը ներկայացուց նախագահին։ Եթէ նախագահը երկրորդ անգամ ալ հրաժարի հրամանը ստորագրելէ, ապա հարցը վերջնական որոշման համար պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարան: Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ նախագահը հաւանութիւն տուաւ Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալը գործէ արձակելու վարչապետի աւելի կանուխ ներկայացուցած հրամանագրին, բայց հրաժարեցաւ ստորագրելէ Ընդհանուր հրամանատարին գործէ ազատ արձակման հրամանը: Ի վերջոյ, Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալի  «յանցանքը» եղած էր վարչապետին՝  ռուսական հրթիռներու մասին յայտարարութեան վրայ ծիծաղիլը, մինչդեռ անոր ղեկավարը՝ Ընդհանուր հրամանատարը, կը պահանջէր վարչապետին հրաժարականը:
 
Ի դէպ, հայ զինուորականները այլ քայլերու չձեռնարկեցին վարչապետի պաշտօնանկութեան կոչէն  անդին, զոր վարչապետը սխալմամբ որակեց որպէս յեղաշրջման փորձ: Այսուամենայնիւ, յայտարարութիւնը կրնայ դիտուիլ որպէս միջամտութիւն քաղաքական գործերուն, ինչ որ Սահմանադրութեան խախտում է: Ակնյայտ է, որ զինուորականութիւնը մտադիր է հասնելու վարչապետի հրաժարականին՝ առանց ռազմական որեւէ գործողութեան:
 
Ինչ կը վերաբերի զինուորականներու յայտարարութեան հակասահմանադրական ըլլալուն, այս փաստարկը ունի հակափաստարկներ։ Զինուորականները յայտարարած են, որ իրենք այլեւս չեն կրնար լուռ մնալ, երբ երկիրը կը գտնուի կործանման եզրին: Հայաստանի ազգային շահը պէտք է ունենայ գերակայ նշանակութիւն: Ի վերջոյ, զինուորականները ազգի անվտանգութեան պահապանն են: Աւելին, Փաշինեան եւ իր կողմնակիցները չեն կրնար յանկարծ պնդել, որ իրենք Սահմանադրութեան պաշտպաններն են, երբ վերջին երեք տարուան ընթացքին նոյնինքն իրենք են, որ ոտնահարած են անոր դրոյթներէն շատերը: Վարչապետը բազմիցս ճնշումներ գործադրած է դատարաններու վրայ եւ  իր համախոհները տեղաւորած՝ Սահմանադրական  դատարանի կազմին մէջ, կառավարութեան փափաքած դատավճիռները ստանալու համար: Փաշինեան եւ իր  պաշտպանները համանման ճնշում գործադրած են նախագահ Սարգսեանի վրայ, որպէսզի վերջինս ստորագրէ վարչապետին հրամանը։ Ճակատագրի հեգնանքով, Փաշինեանի կողմէ հաստատուած ժողովրդավարական սկզբունքները իշխանութեան գլուխ իր գալէն ետք մոռացութեան մատնուեցան՝ երկիրը ենթարկելով մէկ անձի իշխանութեան՝ բռնապետութեան: Հաշուի առնելով, որ վարչապետին կողմնակիցները ճնշող մեծամասնութիւն են խորհրդարանի մէջ, միւս ձայները հիմնականին մէջ լռեցուած  են: Իրաւասու փորձագէտներու կառավարութիւն ստեղծելու բոլոր առաջարկները անտեսուած են եւ ի հետեւանք՝ Փաշինեան մնացած է պաշտօնեաներու եւ խորհրդականներու միջակ ու անիրազեկ շրջանակի մը հետ:
 
Փաշինեանի միակ կարեւոր յատկութիւնը իր կաշառակեր չըլլալն է, ինչ որ շատ դրական բան  է, բայց ոչ բաւարար՝ պետութիւնը նման փոթորկալից վիճակէն դուրս բերելու եւ առջեւ տանելու համար: Ի վերջոյ, հայերը ոչ թէ «սուրբ» կը փնտռեն, այլ իրաւասու ղեկավար մը, որ կրնայ լուծել երկրին առջեւ ծառացած բարդ հարցերը:
Աւելին, Փաշինեան եւ իր հետեւորդները միշտ չէ, որ վարուած են այնպէս, ինչպէս որ հիմա կը քարոզեն։ Տակաւին 2018 թուականին, երբ Փաշինեանի եւ իր համախոհներուն կողմէ տեղի ունեցան բողոքի համատարած, փողոցային ցոյցեր, մեծ թիւով հայ զինուորներ անօրինական կերպով լքեցին իրենց զօրանոցները եւ քալեցին ցուցարարներու հետ: Թէեւ ասիկա ռազմական կանոններու խախտում էր եւ միջամտութիւն՝ քաղաքականութեան, սակայն Փաշինեան ոչ մէկ գործողութեան ձեռնարկեց այդ զինուորներուն դէմ: Այսպիսի իրավիճակ մը ստեղծուեցաւ 1998ին, երբ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան այդ օրերու նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ստիպեց հրաժարական տալ: Ոչ ոք բողոքեց, որ այդ հակասահմանադրական քայլ էր:
 
Հայաստանեան այս նոր ճգնաժամէն կարճ ժամանակ անց, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները հանդէս եկան Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին ինքնահաճոյ յայտարարութիւններով: Իմ կարծիքով, այս երկու երկիրները, բռնապետերու գլխաւորութեամբ, չեն կրնար մեկնաբանել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, առաւել եւս` ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւններ տալ հայերուն: Թող մէյ մը իրենք իրենց նային հայելիին մէջ եւ կտրեն իրենց ձայները:
 
Արցախեան պատերազմի մէջ մեր թշնամիներէն կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք, հայերս չենք կրնար մենք մեզի թոյլ տալ, որ յարձակինք իրարու վրայ: Մենք պէտք է ազգային շահը գերադասենք ամէն բանէ: Կորսնցելով Արցախի մեծ մասը եւ հազարաւոր զինուորներ, մենք չենք կրնար վտանգի ենթարկել եւ կորսնցնել Հայաստանը։
 
«Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջնորդ Փաշինեան նախորդ շաբաթ պէտք չէ ըսեր իր հետեւորդներուն, որ այլեւս «թաւիշ» պիտի չըլլայ, որ կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս սպառնալիք իւրաքանչիւր մարդու համար, որ համաձայն չէ հետը: Եթէ բանակը եւս ոչ թաւշեայ մօտեցում որդեգրէ՝ արդիւնքը ողբերգական կ՛ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Լաւագոյն լուծումը այն կ՛ըլլայ, որ տարածքներ եւ հազարաւոր զինուորներ կորսնցուցած վարչապետը հրաժարական տայ իր կամքով՝ առանց որեւէ սպառնալիքի կամ բողոքի ցոյցերու։ Հակառակ պարագային, ռազմական ղեկավարները՝ պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը, կրնան ուժով կատարել իրենց պահանջը, որպէսզի իրենք չձերբակալուին։ Նման խմբակային ձերբակալութիւն մը կրնայ զրկել Հայաստանը ռազմական իր ամբողջ ղեկավարութենէն: Ամիսներ ետք, աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ, խորհրդարանական նոր ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան մաքուր էջի մը վրայ, յոյսով եմ՝ բացառելով Փաշինեանը եւ միւս՝ նախկին ղեկավարները: Ժողովուրդը իրաւունք ունի ձայներու մեծամասնութեամբ որոշելու, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ իր նոր ղեկավարը:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն