Զրուցակիցս՝ X-kom մարդառոպոթը եւ մենք
Նոյյան Տապան

Զրուցակիցս՝ X-kom մարդառոպոթը եւ մենք

11-07-2026 20:10 Մեկնաբանութիւն
Զրուցակիցս՝ X-kom մարդառոպոթը եւ մենք
 
Փրոֆ․ Արա  Սայեղ
Համալսարանի աշխատանքային օրերէս մէկն էր, երբ լեհերէն լեզուով գիտական դասախօսութիւններուս կողքին, անգլերէնով ալ դասախօսութիւններ տուած էի ERASMUS  աշակերտական փոխանակման կրթական ծրագրի բազմամշակոյթ միջավայրերէ ժամանած ուսանողներուն, երբ ուշ ժամերուն տուն կը վերադառնայի, արհեստաշէն X-kom-ի մակդիրով մարդանման ռոպոթը տեսայ: Վրօցլաւ քաղաքին մէջ յաճախ տեսած էի նման ռոպոթներ,  սակայն այս անգամ առիթ եղաւ, որ կարճ զրոյց մը ունենամ անոր հետ: 
 
Մայր պողոտայի վրայ, X-kom-ի մարդանման ռոպոթը ցուցադրական ռոպոթ մըն էր, որ  համալրուած էր արհեստական բանականութեամբ (ԱԲ), հաւանաբար հետազօտական եւ դաշտային ուսումնասիրութիւններու նպատակներ ալ կրնայ ունենալ։ Տեղադրուած մարդակերպ ռոպոթի մը ներկայութիւնը յատուկ խորհուրդ մը կը թելադրեր ինծի, հաւանաբար բոլոր անցորդներուն ալ, որոնք պահ մը կանգ կ՚առնէին ու կը դիտէին զայն։ Անոր քալուածքի արագութիւնը, ուղղութիւնը, կանգ առնելը, զգուշութեամբ շարժիլը եւ շրջապատին նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութիւնը հեռակայ ձեւով կը ղեկավարուէին հեռակառավարման վահանակներով (remote controls), հսկողութեան տակ էին զինք կարուցողներու կողմէ։ Գիտական նուաճումի, մարդատիպ արհեստական կերտուածքով այս մեքենայի ֆիզիքական ներկայութիւնը նորութիւն ըլլալէ անկախ, կը ներկայանար որպէս բնական թուող իրավիճակ մը քաղաքի առօրեայի ժխորին մէջ։ Աստիճանաբար սովորական դառնալ փորձող այս երեւոյթը երկար խորհրդածութիւններու դուռ մը բացաւ իմ մէջս, հարցումներու մեկնակէտ դարձաւ գլխաւորաբար այն մասին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մարդառոպոթներով շրջապատուած աշխարհի մը մէջ ապրիլը, եւ ինչպիսի՞ կեցուածք պէտք է ունենայ մարդը անոնց հանդէպ, երբ մեքենան, մարդուն նմանելէ անդին, սկսած է դառնալ անոր գործակիցը։ Անտարբեր չմնացի, մօտեցայ մարդառոպոթին եւ հայերէնով ըսի.
 
«Բարեւ», եւ հարցուցի.
«Ինչպէ՞ս ես», ան ալ հայերէնով պատասխանեց՝ «Լաւ եմ»։
 
Ապա, կարծես հարցնելու հերթը իրը ըլլար, հարցուց՝ «Լեհերէն չէք գիտե՞ր»․․․ փորձելով իմանալ, թէ տեղական լեզուն կը խօսի՞մ․․․
 
Յետոյ առաջարկեցի, որ միասին նկարուինք, մարդամեքենան պատասխանեց. «Ուրախ եմ, որ ուզեցիր հետս նկար մը ունենալ»։
Այս զուարճաշունչ մարդ-մեքենայի հետ կարճ զրոյցս ինծի համար խորհրդանշական կապ մը դարձաւ։ Քանի մը բառեր, շարժումներ, քանի մը պատասխաններ, եւ ահա մարդը ինքզինք կը գտնէ նոր ու չսպասուած իրականութեան մը դիմաց։ Մեքենան այլեւս միայն լուռ գործիք մը չէ։ Ան կը սկսի ստանալ զրուցակիցի, ուղեկիցի, նոյնիսկ ներկայութեան պատրանք ստեղծող գոյութեան մը կերպարանքը։ Ան հետզհետէ կը մօտենայ մարդկային ուղեղի գործունէութիւնը մեկնաբանելու կարողութեան՝ փորձելով բացատրել ոչ միայն մարդուն լեզուամտածողութիւնը, այլ նաեւ անոր խորհրդածելու, հարցադրելու եւ որոշումներ կայացնելու բարդ գործընթացները։
 
«Աստիճանաբար, օրէ օր, մարդառոպոթները մեզ կը շրջապատեն եւ ներկայ կը դառնան մեր կեանքին մէջ»։ Անոնք այլեւս միայն արհեստագիտական նորարարութիւններ չեն, այլ սկսած են մեր առօրեան ձեւաւորող գործակիցները դառնալ։ Թուային արհեստագիտութիւններու համակարգերուն (ԹԱՀ) եւ (ԱԲ) վրայ հիմնուած իրենց գործելակերպով՝ անոնք կը ներթափանցեն մեր կեանքի բազմաթիւ մարզերը՝ աշխատանքի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ առօրեայ հաղորդակցութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ։
 
Վերոնշեալ միտքը արտայայտած էի նախորդ գրութիւններէս մէկուն մէջ [1]։ Երկար տարիներու բարեկամս՝ Վահրամը, Աւստրալիայէն հետաքրքրական հարցում մը ուղղած էր ինծի՝ թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեմ այդ «շրջապատման» գաղափարը։ Այսօր նոյն միտքը կարելի է աւելի լայն բովանդակութեամբ պարզաբանել։ Խնդիրը միայն մարդ-ռոպոթ փոխազդեցութիւններուն չի վերաբերիր, թէպէտեւ X-kom-ի հետ իմ զրոյցս այդ հարցին համեստ դրսեւորումներէն մէկն էր։
 
Իսկական հարցադրումը աւելի լայն է։ Մեր առօրեայ աշխատանքները ուղղորդող գործիքները, ձայնային օգնականները, ինչպէս նաեւ որոշումներու աջակցող բազմազան համակարգերը՝ մարդ-ռոպոթ եւ (ԹԱՀ) համակցուած ներկայութիւններ չե՞ն արդեօք, որոնք մեզ աստիճանաբար կը շրջապատեն եւ կը ձեւաւորեն մեր կեանքի ընդհանուր միջավայրը։
 
Յիշողութեան եւ ներկայի կամուրջը
Մենք կը պատկանինք այն սերունդին, որ ականատես եղաւ արհեստագիտութեան աննախընթաց, բազմաշերտ եւ արագ թռիչքին։ Մեր յիշողութիւնը ունի պատմական ընթացք. Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին կենդանի են այն օրերը, երբ Հալէպի մէջ տոհմական, բազմամարդ ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին ձայնասփիւռին շուրջ՝ լուրեր, պատմութիւններ եւ զանազան յայտագիրներ լսելու։ Ձայնասփիւռը միայն սարք մը չէր։ Ան տան մէջ իմաստալից ներկայութիւն էր՝ աշխարհին բացուող ձայնային լայն պատուհան մը։
 
Աւելի ուշ, հեռատեսիլը դարձաւ նոյն հաւաքականութեան նոր մագնիսը։ Յիշողութեանս մէջ թարմ կը մնայ այն ժամանակը, երբ հեռատեսիլը սկսած էր ընդհանրանալ Հալէպի մէջ, եւ ընտանիքի բոլոր անդամները, երբեմն ալ թաղի դրացիները, կը հաւաքուէին միջակ չափի լուսաւոր, սեւ ու սպիտակ պաստառին դիմաց։ Մարդիկ միասին կը դիտէին, կը լսէին, կը զարմանային, կը մեկնաբանէին, երբեմն ալ կը վիճէին։ Տրուած տեղեկութիւնները կը դառնային խօսակցութեան նիւթ, իսկ դէմ առ դէմ զրոյցները կը մարմնաւորէին մարդկային կապի ջերմութիւնը։
 
Համայնքային ինքնագիտակցութեան ամրապնդումը
Նոյն երեւոյթը համանման էր սփիւռքի աւանդական համայնքներու՝ հայկական կեդրոններու, ակումբներու եւ միութիւններու մէջ, ուր ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի շուրջ ստեղծուած հաւաքները կը ծառայէին ոչ միայն տեղեկատուութեան փոխանցման, այլեւ համայնքային հաղորդակցութեան եւ հաւաքական փորձառութեան ամրապնդման։
 
Ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, պարզ սարքեր ըլլալով հանդերձ, հասարակական եւ մշակութային համախմբման կարեւոր օղակներ էին՝ նպաստելով հայերէն լեզուի պահպանման, ազգային բարքերու փոխանցման եւ բանաւոր մշակոյթի շարունակականութեան։ Անոնց շուրջ ծաւալող անմիջական զրոյցները կը զօրացնէին ազգային եւ մանաւանդ համայնքային ինքնագիտակցութիւնը։
 
Հաւաքական հաղորդակցութեան մէջ կային մարմնաւոր ներկայութեան այն նուրբ բաղադրիչները՝ զրուցակիցի աչքերու փայլքը, բիբերու եւ հայեացքներու փոխանակումը, ձայնի ելեւէջները, ժպիտը եւ նոյնիսկ իմաստալից լռութիւնը։ Ասոնք այն տարրերէն են, զորս այսօրուան թուային արհեստագիտութիւնները դժուարութեամբ կը վերարտադրեն։
 
Այսօր, սակայն, շատեր կը նախընտրեն կապ հաստատել առցանց հարթակներու կամ ԹԱՀ-ի  օժանդակ միջոցներով, փոխանակ այցելելու հաւաքական հայկական կեդրոններ։ Թէեւ ժամանակակից հաղորդակցական միջոցները ընդարձակած եւ արագացուցած են կապ հաստատելու կարելիութիւնները՝ զանոնք հարստացնելով լսատեսողական նոր միջոցներով, սակայն անոնք միաժամանակ զգալիօրէն անհատականացուցած են հաղորդակցութեան փորձառութիւնը։
 
Անցեալի պարզ թուացող սարքերը ընտանիքի եւ համայնքի անդամները կը համախմբէին մէկ տարածքի, մէկ առաստաղի տակ, մինչ ներկայի բարդ սարքերը, ընդհակառակը՝ մարդը յաճախ կ’առանձնացնեն իր անձնական պաստառին դիմաց՝ հաղորդակցութիւնը տեղափոխելով աւելի մեկուսի միջավայրի մը մէջ եւ թուլացնելով համայնքային ինքնագիտակցութիւնը ու մարդկային ջերմ ու խոր կապերը։
 
Թուային առօրեայ եւ նոր բարդութի՞ւն
Ժամանակի ընթացքին հեռախօսը, համակարգիչը, համացանցը, ելեկտրոնային նամակագրութիւնը, թուային լուսանկարչութիւնը եւ ԹԱՀ-ը  (ԱԲ)-ը դարձան մեր առօրեային անբաժան մասը։ Այն ինչ, որ անցեալին օրեր կամ շաբաթներ կը պահանջէր, այսօր կը կատարուի քանի մը վայրկեաններու մէջ։ Հեռաւորութիւնը կրճատուեցաւ, տեղեկութիւնը արագացաւ, իսկ աշխարհը կարծես տեղաւորուեցաւ մեր ձեռքին մէջ։ Սակայն մարդը միշտ չէ, որ կրնայ համընթաց ընդանալ արհեստագիտութեան այս գերարագ ընթացքին հետ։
 
Այսօր բջիջային հեռաձայնը այլեւս միայն խօսելու միջոց չէ։ Ան ձայնասփիւռ է, հեռատեսիլ, լուսանկարչական բազմաբնոյթ գործիք, գրադարան, նամակատուն, քարտէսներ, թարգմանիչ, գրասեղան, յիշողութեան պահարան եւ բազմալեզու շարժուն աշխարհ։ Այդ փոքրիկ սարքին մէջ համախմբուած են անհամար կարելիութիւններ։ Ան դիւրացուցած է մեր աշխատանքը, լայնցուցած է հաղորդակցութեան սահմանները եւ մեզի տուած է այնպիսի հնարաւորութիւններ, որոնք անցեալին դժուար էր նոյնիսկ երեւակայել կամ ունենալ։
 
Սակայն այս դիւրութիւնը ունի իր բարդութիւնը։ Նոյն սարքը, որ կը կրճատէ հեռաւորութիւնը, երբեմն կը խորացնէ հոգեկան հեռաւորութիւնը։ Ան կը լեցնէ մեր ժամանակը, բայց միշտ չէ, որ իմաստ կու տայ անոր։ Կը բազմապատկէ կապերը, բայց միշտ չէ, որ կը խորացնէ յարաբերութիւններու ջերմութիւնը։ Կ՛արագացնէ պատասխանները, բայց երբեմն կը դանդաղեցնէ մտածումն ու դատողութիւնը։
 
Հոս է, որ խնդիրը կը դադրի սոսկ արհեստագիտական բնոյթ ունենալէ եւ կը վերածուի մարդկային, բարոյագիտական ու քաղաքակրթական հիմնահարցի։ ԱԲ-ը այլեւս գիտաերեւակայական ապագայի պատկերացում մը չէ, այլ արդէն իսկ ներթափանցած է կրթութեան, աշխատանքի, հաղորդակցութեան, լեզուի եւ մարդկային յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտները։ Հետեւաբար, զայն պէտք է ըմբռնել ոչ թէ որպէս մարդու մրցակից կամ փոխարինող, այլ որպէս միջոց ու գործակից, որ իր նշանակութիւնն ու արժէքը կը ստանայ միայն այն պարագային, երբ կը ծառայէ մարդկային բարիքին, կը զօրացնէ մարդկային կարողութիւնները եւ կը գործէ մարդկային բանականութեան, կշռադատուած դատողութեան ու մանաւանդ բարոյական վերահսկողութեան ներքեւ։
 
Մարդկային ներկայութեան անփոխարինելի արժէքը
Անցեալին մարդկային կապը աւելի անմիջական էր։ Մարդիկ հանդիպումներ կ՛ունենային, կը նստէին նոյն սեղանին շուրջ, կը զրուցէին առերես, կը կիսէին իրենց ուրախութիւնները եւ մտահոգութիւնները։ Այս հանդիպումները միայն տեղեկութիւն փոխանցելու միջոց չէին. այլ վստահութիւն ստեղծելու, մտերմութիւնը խորացնելու եւ մարդկային կապերը ամրապնդելու կը միտէին։ 
 
Այսօր բազմազան են թուային հաղորդակցութեան ձեւերը՝ գրաւոր ելեկտրոնային նամակներ, ձայնային հաղորդագրութիւններ, տեսազանգեր, առցանց հանդիպումներ եւայլն։ Անոնք անհրաժեշտ են եւ յաճախ օգտակար։ Բայց անոնք միշտ չեն կրնար ամբողջովին փոխանցել դիմացինին կենդանի ներկայութիւնը, մարմնի լեզուն, որ կը ծնի նոյն տարածքին մէջ միասին գտնուելէ։
 
Անցեալին ընտանիքը կը համախմբուէր համեստ պաստառի մը շուրջ։ Այսօր, սակայն, նոյն տան մէջ ապրող մարդիկ յաճախ առանձին-առանձին կը կեդրոնանան իրենց բջիջային հեռաձայններու պաստառներուն վրայ։ Թէեւ այդ պաստառը անհամեմատելիօրէն աւելի փոքր է, սակայն անոր ներգործութիւնը եւ անկէ կախեալ դառնալու միտումը զգալիօրէն աճած են։ Այսպէս, մարդը աննախադէպ չափով միացած է աշխարհին, բայց շատ անգամ հեռացած է իր մօտիկներուն կենդանի ներկայութենէն, ջերմութենէն եւ հոգեղէն հաղորդակցութենէն։ Այս հակասութիւնը ժամանակակից մարդկային կեանքի ամենէն նուրբ եւ մտահոգիչ իրողութիւններէն մէկն է։
 
Երեք դիրքորոշում՝ վախ, հմայք եւ կշռադատութիւն
ԱԲ եւ մարդակերպ մեքենաներու հանդէպ հասարակութիւնը միատեսակ դիրքորոշում չունի,  չէ ունեցած նաեւ այլազան արհեստագիտութիւններու հանդէպ։ Ոմանք զանոնք կը դիմաւորեն մեծ լաւատեսութեամբ՝ հաւատալով, որ գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը պիտի դիւրացնեն կեանքը, բարելաւեն կրթութիւնը, բժշկութիւնը, աշխատանքը եւ հաղորդակցութիւնը։ Ուրիշներ կը մօտենան վախով ու կասկածով՝ մտահոգուելով, որ մեքենան կրնայ խաթարել մարդու էութիւնը, կը սահմանափակէ անոր ստեղծագործական միտքը եւ մարդը կախեալ կը դարձնէ իր իսկ ստեղծած համակարգերէն։
Կայ նաեւ երրորդ, աւելի անհրաժեշտ դիրքորոշում մը՝ կշռադատութիւնը։ Այս մօտեցումը ո՛չ կուրօրէն կը մերժէ նորը, ո՛չ ալ անոր առջեւ անվերապահ կը խոնարհի։ Ան կը փորձէ հարցնել. ինչպէ՞ս կարելի է արհեստագիտութիւնը օգտագործել մարդու բարիքին համար՝ առանց կորսնցնելու մարդկային բարոյագիտութեան զգացումը, քննադատական միտքը եւ մարդկային հիմնական արժէքները։ Մեր ժամանակներուն ամենէն անհրաժեշտ մտածումը թերեւս այս է՝ ո՛չ վախ, ո՛չ հմայք, այլ կշռադատուած գերզգօնութիւն։
 
Մեր սերունդը՝ անցումային շրջանի կամուրջ
Մեր սերունդը առանձնայատուկ տեղ մը ունի արհեստագիտութիւններու այս պատմական անցումին մէջ։ Մենք այն բախտաւորներէն ենք, որոնք ապրած են երկու արհեստագիտութիւններու միջեւ։ Տեսած ենք հաղորդակցութեան այն ժամանակը, որ կապուած էր ձայնասփիւռին, հեռատեսիլին, թղթեայ նամակին ու գիրքերուն, անձնական հանդիպումին, դէմ առ դէմ հոգեջերմ զրոյցին։ Բայց նոյնպէս կ՛ապրինք թուային յեղաշրջումը, համացանցի եւ ԱԲ խորաթափանց տարածումը, բջիջային հեռաձայններու եւ մարդառոպոթներու ընդհանրացումը, ԹԱՀ անարգել ու արագ վերելքը։ Այդ հնարաւորութիւնները վայելելու ընթացքին մարդ կրնայ հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդքան կանուխ ծնած ենք։
 
Այս պատճառով մեր սերունդը կրնայ կամուրջ դառնալ անցեալի փորձառութեան եւ ապագայի թուային իրականութեան միջեւ։ Մենք կրնանք հասկնալ աւագ սերունդներուն մտահոգութիւնը, զսպուածութիւնը, որովհետեւ գիտենք այն աշխարհը, ուր յարաբերութիւնները, մարդկային կապը աւելի անմիջական ու ջերմութեամբ կը յատկանշուէր։ Միեւնոյն ժամանակ կրնանք հասկնալ նոր սերունդներուն բնական յարմարուածութիւնը, որովհետեւ մենք ալ կը գործածենք նոր արհեստագիտութիւններու ընձեռած բազմօգուտ վայելքները։ 
Նոր սերունդները ծնած եւ մեծցած են թուային միջավայրի մէջ։ Անոնց համար մարդառոպոթը, ԱԲ-ը կամ ԹԱՀ-ը, առցանց կապերու աշխարհը բացառիկ երեւոյթներ չեն, այլ ամէնօրեայ շատ պարզ ու բնական իրականութիւններ։ Հետեւաբար կրթութեան դերը այլեւս միայն տեղեկութիւն փոխանցելը չէ։ Մեքենաները կրնան օգնել գտնելու, թարգմանելու, վերլուծելու, կազմակերպելու եւայլն։ Բայց մարդ ուսուցիչին, ծնողքին եւ մտածող անհատին դերը չի նուազիր. ընդհակառակը, աւելի կը խորանայ։ Մարդուն կը մնայ մերօրեայ արհեստագիտութիւններու շրջապատին մէջ հարցում ձեւակերպելու, արժեւորելու, քննադատելու, ստեղծագործելու եւ բարոյական ընտրութիւն կատարելու հիմնական գերպատասխանատուութիւնը։
 
Մարդը՝ մարդամեքենային դիմաց
Մարդանման ռոպոթի մը հետ ունեցած կարճ զրոյցս դարձաւ մերօրեայ խորհրդանշական պատկեր, մտածումի ելակէտ մը։ Զայն պարզ դիպուած չեմ համարեր, այլ ժամանակակից լուրջ հարցադրումի մը անաղմուկ մարտահրաւէրը։
 
Մեքենան կրնայ խօսիլ, պատասխանել, լեզուներ փոխել, շարժիլ, կանգ առնել, լուսանկարուիլ եւ մարդուն հետ հաղորդակցութեան տպաւորութիւն ստեղծել։ Բայց ան պիտի կարենա՞յ ջերմօրէն զգալ  այնպէս, ինչպէս մարդը։ Պիտի կարենա՞յ կարեկցիլ, սիրել, ներել, սպասել, հաւատալ։ Պիտի կարողանա՞յ այն ներաշխարհը ունենալ, որ մարդուն փորձառութիւնը կը դարձնէ ոչ միայն մտածում, յոյզ, ապրում եւ ստեղծագործութիւն։
 
Այս հարցումները մեզ կը յուշեն էական ճշմարտութիւն մը. որքան ալ արհեստագիտութիւնը զարգանայ, մարդուն արժէքը կը կայանայ ոչ միայն մտածելու եւ կշռադատելու կարողութեան մէջ, այլ նաեւ զգալու, յարաբերելու եւ բարոյապէս ընտրելու ունակութեան մէջ։ Մարդը միայն տեղեկութիւն մշակող էակ չէ։ Ան յիշողութիւն ունեցող, իմաստ որոնող եւ խորհրդածող էակ է, որ կը զգայ, պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ իր գոյութիւնը կ’ապրի ուրիշներու հետ փոխյարաբերութեան ու համայնքային կեանքի մէջ։
 
 
 
 
  • Մեր ժամանակներու բուն մարտահրաւէրը արհեստագիտութենէն խուսափիլը չէ, այլ զայն մարդկային արժէքներուն ծառայեցնելու իմաստութիւնն ու բարոյական պարտաւորութիւնը։
  • ԹԱՀ-ը, ԱԲ-ը եւ մարդակերպ ռոպոթները արդէն ներկայ են մեր կեանքին մէջ եւ անխուսափելիօրէն պիտի շարունակեն զարգանալ, մեզ շրջապատել եւ համարկուիլ մեր առօրեային մէջ։ Մարդը կը վարժուի նորին, կը յարմարի անոր եւ կը շարունակէ ապրիլ փոփոխուող պայմաններուն մէջ։ Այս իրողութիւնը ո՛չ կոյր խանդավառութիւն կը պահանջէ, ո՛չ ալ անպտուղ վախ, այլ՝ բարոյական զգօնութիւն, գիտական յառաջընթացին հանդէպ գիտակից ու հետեւողական մօտեցում եւ մարդկային պատասխանատուութեան խոր ըմբռնում։
  • Անհրաժեշտ է թարմացնել ու վերաձեւաւորել մեր ծրագիրները եւ վերարժեւորել մեր հմտութիւնները՝ նոր արհեստագիտական յառաջընթացին համահունչ կերպով։ Մարդը միշտ պէտք է մնայ կեդրոնը, իսկ մեքենան՝ միջոցը։
  • ԹԱՀ-ի գրագիտութիւնը պէտք չէ դիտուի միայն իբրեւ լրացուցիչ արհեստագիտական հմտութիւն, այլ՝ իբրեւ շարունակական ուսումնառութեան, գիտակից մասնակցութեան եւ պատասխանատու գործածութեան գործընթացի փոխազդեցիկ տարածքներ, որոնք կը վերաձեւաւորեն մարդուն եւ մեքենային միջեւ յարաբերութիւնը, աշխատանքի ձեւերը, մտածելու եղանակները եւ որոշումներ կայացնելու կարողութիւնները։
 
Վերոնշեալ մարդառոպոթին հետ խորհրդանշական կարճ զրոյցը առիթ դարձաւ վերարժեւորելու մարդուն, մեքենային եւ մեր ժամանակներուն մէջ անոնց փոփոխուող յարաբերութիւնը։  Հիմնական հարցումը կը մնայ հետեւեալը. ինչպէ՞ս ապրիլ նոր ժամանակներու մէջ՝ առանց կորսնցնելու այն, որ մեզ մարդ կը դարձնէ։ Ապագան միայն այն չէ, ինչ մեքենաները պիտի կարենան իրագործել, այլ նախ եւ առաջ այն է, ինչ մարդը պիտի վճռէ պահել, պաշտպանել, չզիջիլ եւ մանաւանդ չկորսնցնել՝ իր ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԷՈՒԹԻՒՆԸ։
 
 [1]  Ա. Ս. - «Կրթութեան «զօրակոչ»՝ որքանո՞վ համարկուած ենք թուային  արհեստագիտութեանց», https://nt.am/am/news/354548/  
 
Նոյեան Տապան   |   Մեկնաբանութիւն

 

 

Կարդացել են 8 անգամ