Լուրեր Հայաստանից եւ Սփիւռքից, News from Armenia and Diaspora, Новости Армении и Диаспоры - Նոյեան Տապան


Փաշինեան Կ՛անարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Զինանշանն Ու Օրհներգը
  • Քաղաքական
  • 2023-06-21 14:29:01

  Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրավիճակը օր առ օր կը վատթարանայ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ի շահ անվերջ զիջումներուն, պարտուողական կեցուածքին ու անկարողութեան պատճառով։    Գալով իշխանութեան՝ ան ինքզինք խեղաթիւրուած 

Փաշինեան Կը Մերժէ Հրաժարական Տալ` Հակառակ Իր Ժողովրդականութեան Կտրուկ Անկումին․ Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-06-14 14:48:32

  Վերջերս Հայաստանի մէջ երկու հարցախոյզ կատարուած է` մարդոց հնարաւորութիւն տալով արտայայտել իրենց տեսակէտները տարբեր հարցումերու, որոնց շարքին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման մասին:   Առաջին հետազօտութիւնը կատարուած է 23 Յունուարէն

Խորհուրդ՝ Ալիեւին. Շարունակէ՛ Վարկաբեկել Ատրպէյճանի Հեղինակութիւնը
  • Քաղաքական
  • 2023-06-08 14:00:57

  Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճան 2020ի արցախեան պատերազմը յաղթեց թրքական եւ իսրայէլեան զինամթերքով ու իսլամիստ վարձկան ահաբեկիչներու օգնութեամբ, նախագահ Ալիեւ կը կործանէ իր երկրին միջազգային հեղինակութիւնը:   Պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք,

Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ատրպէյճանի՝ Բացարձակապէս Մերժելի Է
  • Քաղաքական
  • 2023-05-31 11:02:58

  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 2020ի արցախեան պատերազմէն ետք, բազմիցս ակնարկած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։ Տարիներ շարունակ այս եղած է անոր դիրքորոշումը։ Իբրեւ լրագրող, իշխանութեան գալէն շատ առաջ

Կասկածելի Գրողներ Հակահայկական Քարոզչութիւն Կը Տարածեն
  • Քաղաքական
  • 2023-05-24 10:57:12

  Հայերը խստօրէն կը դատապարտեն եւ կը մերժեն կասկածելի դրդապատճառներ ունեցող անհատները, որոնք միջազգային մամուլի մէջ շատ կը գրեն Հայաստանի մասին ատելութեամբ ու կեղծիքով լեցուն յօդուածներ: Այս յօդուածներուն թշնամական բովանդակութիւնը

Պայտընի Վրայ Յարձակելու Թրքական Հերթական Փորձը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով
  • Քաղաքական
  • 2023-05-17 11:45:17

  Երբ Թուրքիա եւ անոր ժխտողական կեցուածքին կողմնակիցները կը պարտուին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելափակելու միտուած ճակատամարտին, անոնք կը դիմեն անհեթեթ յարձակումներու, ինչպէս, օրինակ՝ յայտարարելով նախագահ Պայտընը պաշտօնազրկելու իրենց ցանկութեան մասին,

Հայաստանի Ղեկավարները Պատրուակներ Կը Ներկայացնեն «Նեմեսիս»ի Յուշարձանին Գծով, Թրքական Ճնշման Տակ
  • Քաղաքական
  • 2023-05-10 11:21:50

  Ճիշդ այն ատեն, երբ մենք կը կարծէինք, որ լսած ենք ամէն բան Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վիճայարոյց դիրքորոշման մասին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ հայկական շահերու վերաբերեալ, կը բախինք Հայաստանի ղեկավարներու հերթական

Թրքական Ժխտման Նոր Մարտավարութիւնը. Պաշտօնազրկել Պայտընը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար․․․
  • Քաղաքական
  • 2023-05-05 14:16:27

  Աւելի քան մէկ դար շարունակ իրարու յաջորդող թրքական կառավարութիւնները տարբեր հնարքներ փորձած են Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը ժխտելու համար: Անոնց բոլոր փորձերը ողորմելիօրէն ձախողած են: Թուրքիա դիւանագիտական ճնշում գործադրեց ամբողջ

Թուրք Սերժանը Սարսափելի Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ Տերսիմի Ալեւիներու Եւ Հայերու Կոտորածի Մասին
  • Քաղաքական
  • 2023-04-26 15:45:20

  Թուրք սերժան Ալի Օզ, որ մասնակցած է հազարաւոր ալեւի քիւրտերու եւ հայերու կոտորածին՝ Թուրքիոյ Տերսիմի շրջանին մէջ, 1937-1938 թուականներուն, ցնցող խոստովանութիւն մը ըրած է այդ սպանութիւններուն մէջ իր դերակատարութեան

Հայաստանի Վարկանիշը Բարեկեցութեան Ցուցակին Մէջ Աւելի Բարձր Է, Քան Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Վարկանիշները
  • Քաղաքական
  • 2023-04-22 10:57:37

  Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գործող «Լեկաթում» (Legatum) հիմնարկը հրապարակած է 2023 թուականի  իր բարեկեցութեան համապարփակ ցուցակը 167 երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար։ Ցուցակը կ՛ընդգրկէ 12 առանձին ոլորտներ

Թուրքիա Նացիական Գերմանիայէն Թունաւոր Կազ Գնած Է 1938ին՝ Քիւրտ Ալեւիներն Ու Հայերը Սպաննելու Համար
  • Քաղաքական
  • 2023-04-12 13:32:08

  Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) փրոֆեսըր Թաներ Աքչամ, 31 Մարտ 2023-ին, Սթամպուլի հայկական «Ակօս» թերթին մէջ բացայայտող յօդուած գրած է թրքերէնով`1938ին, թրքական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգ Տերսիմի մէջ տասնեակ հազարաւոր

Օսմանեան Խորհրդարանը Եւ Ծերակոյտը 1918 Թուականին Հաստատած Են «Հայկական Կոտորածները». Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-04-06 10:57:31

  Յունուար 2016ին յօդուած մը գրած էի՝ «Թուրքիան առաջին երկիրն է, որը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1918 թուականին» վերնագիրով: Այսուամենայնիւ, մարդկոց մեծ մասը դեռ տեղեակ չէ, որ «Օսմանեան խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը

Իրավական փորձագետները միջազգային դատարանից պահանջում են հետաքննել Թուրքիայի՝ մարդկության դեմ ուղղված հանցագործությունները. Հարութ Սասունյան
  • Քաղաքական
  • 2023-03-21 13:07:10

  Այս ամսուան սկիզբը քանի մը թերթեր տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ դէմ մեծածաւալ բողոք  ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ): Իրաւական հարցերով եւրոպացի  իրաւաբաններու  խումբը հաւաքած է  հսկայական  փաստաթուղթ, որ կը

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ․ Ատրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Հայ Է
  • Քաղաքական
  • 2023-03-15 12:43:37

  Երբ առաջին անգամ լսեցի, որ Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիք հայ է, մտածեցի, որ ասիկա չի կրնար ճիշդ ըլլալ։ Այսուամենայնիւ,  ես ապշեցայ՝ պարզելով, որ  լսածս իրողութիւն է։ Ինչպէս

Իսրայէլ Հսկայական Քանակութեամբ Ժամանակակից Զէնքեր Մատակարարած Է Ատրպէյճանի
  • Քաղաքական
  • 2023-03-08 11:50:13

  Իսրայէլեան «Հաարեց» (Haaretz) թերթը 5 Մարտին ապշեցուցիչ յօդուած մը հրապարակած է՝ «Իսրայէլեան ռազմակեդրոնէն 92 թռիչքներ կը բացայայտեն զինամթերքի արտահանումը Ատրպէյճան» վերնագրով։   Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ 2 Մարտին ատրպէյճանական Silk

Արցախի Նախագահը Մեծ Սխալ Գործեց՝ Ալիեւի Հրամանով Պաշտօնանկ Ընելով Վարդանեանը
  • Քաղաքական
  • 2023-03-01 13:48:13

  Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անցեալ Հինգշաբթի մեծ սխալ գործեց, երբ ենթարկուելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճնշումին, պաշտօնանկ ըրաւ պետական նախարար, միլիառատէր գործարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ իր հարստութիւնը ստեղծած էր

Երկրաշարժին Վնասը Եւ Կաշառակերութիւնը Միահիւսուած Են Էրտողանի Թուրքիոյ Մէջ
  • Քաղաքական
  • 2023-02-22 11:39:29

  Թուրքիոյ մէջ օր առ օր կ՛աւելնայ երկրաշարժի զոհերուն թիւը։ Մեր սիրտը կը ցաւի մինչ օրս արձանագրուած գրեթէ 50 հազար զոհերու եւ մօտաւորապէս 200 հազար վիրաւորներու համար: Հնագոյն Անտիոք քաղաքը

Հայաստանէն Թուրքիոյ Տրամադրուող Օգնութիւնը Տաք Բանավէճ Յառաջացուցած Է Հայկական Շրջանակներու Մէջ. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-02-15 14:55:01

  Հզօր երկրաշարժէն ետք մարդասիրական հսկայական օգնութիւն եւ քանի մը տասնեակ փրկարարներ Թուրքիա ուղարկելու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը բազմաթիւ վէճեր  յառաջացուցած է հայկական շրջանակներու մէջ:   Թուրքիոյ կառավարութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամը

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ատրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի
  • Քաղաքական
  • 2023-02-01 13:30:49

  27 Յունուարին, Իսրայէլի i24NEWS միջազգային հեռատեսիլային ընկերութիւնը սփռեց կեղծիքներով լեցուն կէս ժամնոց  հաղորդում մը՝ Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները փառաբանելու եւ Հայաստանը, Իրանն ու Ռուսիան անարգելու համար: Այս գայթակղեցուցիչ հաղորդումը

Ատրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին՝ Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-01-25 12:34:26

  Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի՝ բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն, Ատրպէյճան

Նախագահ Ալիեւ Ինչպէ՞ս Դարձաւ Ատրպէյճանի Կաշառակեր Բռնապետը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-01-19 15:48:55

  Լրագրող Ֆին Տըփանսիըր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ լոյս տեսնող «Փալատիում» եռամսեային մէջ  բացայայտական ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Իլհամ Ալիեւը եւ Ատրպէյճանի ստեղծումը» վերնագիրով։   Յօդուածը կը սկսի Իլհամ Ալիեւի մոսկովեան կեանքի

Երբ Ատրպէյճան Լայն Կը Բանայ Իր Քսակը, Դրամասէրները Կը Շտապեն Առնել Իրենց Բաժինը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2023-01-11 15:39:45

  Լրագրող Թիլ Պրուքնըր հետաքննական ծաւալուն յօդուած գրած է, թէ ինչպէս  Ատրպէյճան իր հսկայական նաւթատոլարները կու տայ քաղաքական գործիչներուն, գործարարներուն եւ համալսարաններուն: Նոյնիսկ յայտնի անհատներն ու հաստատութիւնները իրենք զիրենք կը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Կը Միջազգայնացնէ Արցախեան Հիմնահարցը
  • Քաղաքական
  • 2022-12-29 13:20:46

  Հայերը կրկին աջակցութեան խօսքեր լսեցին միջազգային հանրութեան կողմէ․ այս անգամ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդէն։   ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ քննարկումը ծառայեց համաշխարհային հանրային կարծիքի վրայ ազդելուն եւ արցախեան հիմնահարցի միջազգայնացման՝

Թուրք Քաղաքացի Մը Բանտարկուած Է՝ ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տուեալները Թուրքիա Ուղարկելուն Համար
  • Քաղաքական
  • 2022-12-22 14:40:49

  Յունիս 2021ին, յօդուած մը գրեցի թուրքի մը մասին, որ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ կը մեղադրուէր ԱՄՆ պաշտպանութեան արհեստագիտական տուեալները ապօրինի կերպով Թուրքիա ուղարկելու մէջ։ 53ամեայ Արիֆ Ուկուր անցեալ շաբաթ դատապարտուեցաւ

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կը Բացայայտէ Երկու Ամերիկացի Պաշտօնաթող Հրամանատարներու Վարձումը Ատրպէյճանի Կողմէ. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-12-20 13:01:26

  Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը հրապարակեց լրագրողներ Քրէկ Ուիթլաքի եւ Նէյթ Ճոնզի հետաքննական ծաւալուն յօդուածը՝ «Օդային ուժերը կը վախնային, որ հրամանատարներու արտասահմանեան խորհրդատուական աշխատանքները գայթակղութիւն կ՛առաջացնեն» վերնագրով: Յօդուածը բացայայտած

BBC Կը Քողարկէ Ատրպէյճանի Յանցագործութիւնները՝ Հեռասփռելով «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ի Եւ Ալիեւներու Աջակցութեամբ Ֆիլմը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-11-30 11:39:38

  OpenDemocracy.net կայքը հրապարակած է քննադատական  յօդուած մը՝ BBC-ի կողմէ  Ատրպէյճանի մասին երկու մասէ բաղկացած քարոզչական ֆիլմի մը ցուցադրութեան  վերաբերեալ: Ֆիլմը նիւթապէս հովանաւորած է բրիտանական նաւթակազային հսկան՝ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ը (BP)։

Հայերը Պէտք Է Սառնասրտօրէն Գնահատեն Ֆրանսայի Ծերակոյտին Դրական Բանաձեւը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-11-23 14:31:43

  Հայերը իրենց երկարատեւ պատմութեան ընթացքին, միշտ ակնկալած են, որ օտար ուժ մը զիրենք փրկէ թշնամիներէն: Դարեր շարունակ անոնք օգնութեան յոյս ունեցած են հռոմէացիներէն, բիւզանդացիներէն, ռուսերէն, ֆրանսացիներէն, ամերիկացիներէն, իսկ ներկայիս՝

Թուրքիա Կը Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Իր Այլախոհ Քաղաքացիները Օտար Երկիրներէ Վերադարձնելու Համար. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-11-17 12:53:06

  Անցեալ շաբթուան յօդուածէս ետք, ուր ներկայացուած էր, թէ ինչպէս Թուրքիա այլ երկիրներէ կ՛առեւանգէ իր այլախոհ քաղաքացիները, հանդիպեցայ քանի մը այլ օրինակներու, ուր թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ կեղծ պատրուակներով Թուրքիա

Աշխարհ Ե՞րբ Վերջ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ Ոճիրներուն․ Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-11-10 11:45:01

  Տարիներ շարունակ տասնեակ զեկոյցներ գրուած են՝ թրքական իշխանութիւններու կողմէ  ամբողջ աշխարհի մէջ թուրք քաղաքացիներու  լայնածաւալ առեւանգումներուն մասին՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը քննադատելնուն պատճառով։   Աքսորեալ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ բացայայտած

Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմէն Իրենց Թալանածը. Յարութ Սասունեան
  • Քաղաքական
  • 2022-11-02 11:48:01

  Մինչ Հայաստան կ՛ամոքէր 2020-ի արցախեան պատերազմի իր վէրքերը, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ժամանակ չէին կորսնցներ հաւաքուելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու մտերիմներուն միջեւ բաժնելու Արցախի եւ շրջակայ տարածքներու գրաւումէն ձեռք

«Համաշխարհային Հայկական Վեհաժողով»ը Կը Պառակտէ Հայերը՝ Ձեւացնելով, Թէ Կը Միացնէ Զանոնք
  • Քաղաքական
  • 2022-10-26 09:51:59

  Քանի մը օրէն մենք դարձեալ ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ ձախող դրսեւորման, որ կը պառակտէ հայ ժողովուրդը՝ միաժամանակ յաւակնելով, որ կը միացնէ  զանոնք։   Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ

Ալիեւ Ընդդէմ Փաշինեանի. Լեզուակռիւ ԱՊՀ Վեհաժողովի Մէջ
  • Քաղաքական
  • 2022-10-19 14:11:03

  Անցեալ շաբաթ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ), որուն կազմին մէջ են նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, ինը ղեկավարները հանդիպում ունեցան Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի

Նիւ Եորքի Քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ. «Թոշակի Անցնելէ Ետք Պաքու Պիտի Ապրիմ»
  • Քաղաքական
  • 2022-10-14 13:49:35

  Վերջին ամիսներուն, ամերիկեան լրատուական միջոցները հրապարակած են քանի մը յօդուածներ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի վիճայարոյց յայտարարութիւններուն, արտասահմանեան ճամբորդութիւններու եւ դրամահաւաքներու մասին:   Մինչեւ 1 Յունուար 2022-ին քաղաքապետ դառնալը՝ Daily News

Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
  • Քաղաքական
  • 2022-10-05 15:43:14

  Թուրք ժխտողականները անցեալ շաբաթ յայտնաբերեցին, որ իրենք չեն կրնար պարտութեան մատնել հայերը Քալիֆորնիոյ մէջ։    Հակառակ թրքական լոպիիստական մեծածաւալ ջանքերուն, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմ 29 Սեպտեմբեր 2022ին ստորագրեց օրէնք մը, որով

«Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուր»ի Կարճատեւ Կեղծ Հանրապետութիւնը
  • Քաղաքական
  • 2022-09-28 13:15:25

  Անցեալ շաբաթ, երկու ատրպէյճանցիներ ամբարտաւանօրէն իրենք զիրենք հռչակեցին՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութեան» ղեկավարներ: Այս սուտ Հանրապետութեան մէջ իբր թէ ներառնուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւանայ լիճը եւ Սիւնիքի մարզը։ Այս

Ատրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Կիզակէտ Աշխարհի
  • Քաղաքական
  • 2022-09-21 14:58:28

  Անցեալ շաբաթ Հայաստանի արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքով ատրպէյճանական զինուժի զանգուածային յարձակման ժամանակ զոհուած է աւելի քան 200 հայ զինուոր եւ խաղաղ բնակիչ։ Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ տարածքներ զիջած է

Քալիֆորնիան Ապրիլ 24-ը՝ «Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր»ը, Կը Հռչակէ Իբրեւ Նահանգային Ոչ Աշխատանքային Օր
  • Քաղաքական
  • 2022-09-19 13:41:57

  Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեան վերջապէս յաջողեցաւ հասնիլ իր առաջադրած օրինագիծի (AB 1801) ընդունման՝ Ապրիլի 24-ը՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, իբրեւ նահանգային ոչ աշխատանքային օր հռչակելու։   Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ, որ

Հայաստանի Մէջ Ո՛չ Ողջերու, Ո՛չ Մեռածներու Նկատմամբ Կայ Յարգանք․ Վահագն Տատրեանը Ըսուածին Վառ Օրինակն Է
  • Քաղաքական
  • 2022-08-24 12:05:03

  Սոյն յօդուածը կը գրեմ մեծագոյն ցաւով եւ հիասթափութեամբ։   Հայոց ցեղասպանութեան ականաւոր  մասնագէտ Վահագն Տատրեան մահացաւ 2 Օգոստոս 2019ին, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, 93 տարեկան հասակին: Ծնած՝ Կոստանդնուպոլիս (Թուրքիա), ան իր

Հայ Պաշտօնեաները Կը Կեղծեն Պատճառը, Որով Արգիլուած Է Փափազեանի Մուտքը Հայաստան
  • Քաղաքական
  • 2022-08-02 10:11:42

  Անցեալ շաբաթ գրած էի աղմկայարոյց դէպքի մը մասին, երբ հայ պաշտօնեաներ թոյլ չէին տուած ֆրանսահայ համայնքի ղեկավար Մուրատ Փափազեանի, որ իր կեանքը նուիրած է Հայ Դատի պաշտպանութեան, մուտք գործել

Ատրպէյճան «Ղարաբաղեան» Նժոյգ Մը Նուիրած Է Անգլիոյ Թագուհիին: Յստակ Կաշառք․․․
  • Քաղաքական
  • 2022-06-16 10:51:11

  Ատրպէյճանի Ձիավարժութեան ընկերակցութեան նախագահ Էլչին Կուլիեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 Մայիսին Անգլիոյ թագուհիին նուիրած է «ղարաբաղեան հազուագիւտ նժոյգ»՝ «Շոհրաթ» (փառք) անունով, իբրեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ «ընծայ»։   Ատրպէյճան հրաւիրուած էր ելոյթ

Էրտողան Իր Զարմիկը Վարձած Է Իբրեւ Լոպիիսթ՝ Թուրք Ամերիկացիներուն Քուէները Ստանալու Համար
  • Քաղաքական
  • 2022-06-03 10:30:23

  Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Թուրքիոյ նախագահն է 2014 թուականէն ի վեր, կը ծրագրէ յառաջիկայ տարի կրկին առաջադրել իր թեկնածութիւնը: Նախապէս, 2003էն 2014 տարիներուն, ան եղած է վարչապետ, իսկ 1994-ին,

Պայտըն Կ՛ուզէ Զէնք Ծախել Թուրքիոյ, Մինչդեռ Անգարա Ներսէն Կը Քանդէ ՆԱԹՕն
  • Քաղաքական
  • 2022-05-18 12:10:43

  Ամերիկահայ համայնքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հիասթափի նախագահ Ճօ Պայտընի հակահայկական արարքներէն։ Ցարդ ան աւելի վնաս հասցուցած է Հայաստանի շահերուն, քան օգուտ։   Անցեալ տարի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն 24

Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ՝ Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին
  • Քաղաքական
  • 2022-05-04 10:48:59

  29 Ապրիլ 2022-ին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով՝ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ։ Համաժողովը տեւած

Թուրքիա Ինքզինք Կը Խայտառակէ՝ Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յետ Պայտընի Ընդունման
  • Քաղաքական
  • 2022-04-27 11:47:17

  ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է այն մասին, որ երկրորդ տարին ըլլալով պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։   Ահա՛ հատուած մը Պայտընի ճանաչումէն. «1915ի 24 Ապրիլին Կոստանդնուպոլսոյ

Թուրքիա Կրնայ Ոմանց Խաբել Որոշ Ժամանակով, Սակայն Չի Կրնար Բոլորը Խաբել Միշտ
  • Քաղաքական
  • 2022-03-30 11:53:02

  Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ երկու հակամարտող կողմերու միջեւ իր  կեղծաւոր  խաղը, ձեւանալով՝ իբրեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բարեկամ, իր լարախաղացութենէն առաւելագոյն չափով օգուտ քաղելու համար։   Այսուամենայնիւ, Թուրքիա չի կրնար երկար ժամանակ

Միայն Հայաստանի Մէջ. Նիկոլ Փաշինեան Իր Սեփական Երկիրը Դատի Տուած Է Եւրոպական Դատարանի Մէջ
  • Քաղաքական
  • 2022-03-23 12:49:36

  Կրնան գտնուիլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք դատի տուած ըլլան իրենց կառավարութիւնները իրենց տապալումէն ետք, կամ իրենց ունեցուածքի բռնագրաւման ի հետեւանք, սակայն ես չեմ ճանչնար ղեկավար մը, որ իր  պաշտօնավարութեան ժամանակ

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմ. Ահա Թէ Ի՛նչ Կը Պատահի, Երբ Փոխադարձ Զիջում Տեղի Չ՛ունենար
  • Քաղաքական
  • 2022-03-02 11:53:19

  Ներկայիս ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ, հաւանաբար երկու կողմերուն համար ամէնէն վատ տարբերակն է, իրականութեան մէջ, բոլոր կողմերուն համար։   Նախ եւ առաջ, ասիկա սարսափելի ողբերգութիւն մըն է ռուսական ներխուժման

Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Աւելի Լաւ Հակահետախուզութիւն՝ Օտարերկրեայ Եւ Ներքին Լրտեսներու Գործունէութիւնը Խափանելու Համար
  • Քաղաքական
  • 2022-02-17 12:50:56

  Անցեալ շաբաթ բոլորս ցնցուած էինք այն լուրէն, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) ձերբակալած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ ծառայող 19 հոգիներ՝ Ատրպէյճանի օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով։   ԱԱԾ-ը մեղադրեց ձերբակալուած 19

Արցախը լքելուց հետո, Փաշինյանն այժմ հրաժարվում է Հայ դատից
  • Քաղաքական
  • 2022-02-07 11:33:21

  Պարզապես զարմանալի է, որ ամեն անգամ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը որևէ բան է ասում, նա մի նոր ու ավելի կոպիտ սխալ է թույլ տալիս։ Սրանում համոզվելու համար ընդամենը պետք

Հայաստանի Նախագահը Հրաժարական Տուաւ. Ետ Քայլ Մը Եւս Հայաստանի Համար
  • Քաղաքական
  • 2022-01-26 11:51:30

  Կիրակի առտու արթնցայ ցնցող, բայց ոչ անսպասելի լուրով․ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է իր հրաժարականին մասին, երկրէն դուրս գտնուած պահուն, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Լոնտոնի մէջ, մօտաւորապէս չորս տարուան