Արժէքաւոր գիրք մը՝ մեր գրադարաններուն մէջ


Արժէքաւոր գիրք մը՝ մեր գրադարաններուն մէջ

  • 12-01-2012 10:15:30   | Սիրիա  |  Նոր գրքեր
«ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ՈՒՐՖԱՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ» Տարեմուտի նախօրէին՝ գիրք մը եւս աւելցաւ մեր գրադարաններուն մէջ։ Մեր տոհմիկ զգացումները փայփայող փառաւոր գիրք մը, նոյնքան փառաւոր խորագրով մը, «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները»։ Տասնամեակներէ ի վեր բոլորովին սպառած ու անգտանելի դարձած գիրքի մը վերահրատարակութիւնն է այս, որուն նախաձեռնարկ եղած է Ուրֆայի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը (Հալէպ), մեկենաս ունենալով հարազատ ու բնիկ ուրֆացի ընտանիքներու մերօրեայ ազնիւ շառաւիղներ՝ Սուրէն եւ Սօնիա Սարգիսեան ամոլը (Պէյրութ)։ Տպագրութիւնը իրականացած է «Կիլիկիա» հրատարակչատան հոգածութեամբ։ Երբ ձեռք առինք շուրջ 1500 էջանի այս պատկառելի երկհատոր հրատարակութիւնը, ու երբ երկա՜ր դիտեցինք անոր ոսկեգոյն գեղակազմ կողքը, մեր միտքը ինքնաբերաբար թռիչք առաւ դէպի Ուրֆա, դէպի հայկական Եդեսիա, դէպի Վերին Միջագետքի այս հնագոյն ոստանը, նշանաւոր՝ իր Հայր Աբրահամու եւ Այն Զլխայի լճակներով, իր բերդին բարձրադիր սիւնաձեւ զոյգ աշտարակներով, իր ցորենով, շուշմայով, արագավազ նժոյգներով...։ Յետոյ, մեր երեւակայութեան մէջ մի առ մի սկսան տողանցել Հայոց պատմութեան այն բոլոր նշանաւոր դէմքերը՝ որոնք կ?առընչուէին Ուրֆային, եւ որոնք խորապէս տպաւորեր էին մեզ՝ մեր պատանեկութեան կամ ուսանողութեան օրերէն սկսեալ։ Ամենէն առաջ յիշեցինք Եդեսիոյ Աբգար թագաւորը, Քրիստոսի ժամանակակից այս բարեպաշտ արքան, որ բորոտութենէ կը տառապէր։ Ան նամակով մը դիմած էր Յիսուսին ու խնդրած որ Եդեսիա այցելէ եւ բժշկէ զինք։ Աստուածորդին Պաղեստինի սահմաններէն դուրս չէր կրցած ելլել, սակայն խոստացեր էր իր աշակերտներէն մին ղրկել Եդեսիա։ Այդ պարտականութիւնը պիտի վիճակէր Թադէոս Առաքեալին, որ Ա. դարու կէսերուն Եդեսիա կու գար ու ըստ աւանդութեան՝ կը բժշկէր Աբգարը ապա զայն քրիստոնեայ կը մկրտէր։ Այնուհետեւ Թադէոս Եդեսիայէն կ?անցնէր Հայաստան ու կը ձեռնարկէր իր պատմական ծանօթ առաքելութեան...։ Յետոյ յիշեցինք Մեսրոպ Մաշտոցը, Հայոց պատմութեան մեծագոյն դէմքը, որ Ե. դարու սկիզբը հայերէն լեզուին համար սեփական գիրեր գտնելու իր ճիգին ու հեւքին մէջ՝ խումբ մը աշակերտներու գլուխը կանգնած՝ Հայաստանէն դուրս կու գար եւ կ?ուղղուէր դէպի հարաւ, Ամիդ ու Եդեսիա։ Այս վերջին քաղաքին համբաւաւոր մատենադարաններուն մէջ Մ. Մաշտոց պրպտումներ ու հետազօտութիւններ կը կատարէր շաբաթներ շարունակ՝ հայերէն հին նշանագրեր գտնելու յոյսով։ Ի վերջոյ սակայն, ան իր տաղանդի՛ն ուժով՝ կը ստեղծէր Հայոց Այբուբենի 36 տառերը։ Եդեսիան, ուրեմն, կը դառնար Հայոց գիրերուն ծննդավայրը...։ Յիշեցինք Ս. Ներսէս Շնորհալին, Հայ Եկեղեցւոյ միջնադարու պայծառ դէմքերէն մին, որ 1144ին, Հռոմկլայի հայրապետանոցի իր խցիկին մէջ նստած՝ ականջալուր կ?ըլլար Եդեսիայէն հասնող այն կարմիր լուրերուն, որոնք կը պատմէին քաղաքին քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ սարքուած կոտորածներուն մասին, Հալէպի Զանկի էմիրին բանակներուն կողմէ։ Ներսէս Շնորհալի գրիչը ձեռք կ?առնէր ու կը սկսէր շարադրել իր հանրածանօթ պոէմը՝ «Ողբ Եդեսիոյ»ն...։ Յիշեցինք պատմագիր Մատթէոս Ուռհայեցին, որուն պատմութեան գիրքը շատ թանկագին վկայութիւններ կը բերէր մեզի ԺԱ.-ԺԲ. դարերու եղելութիւններուն մասին։ Յիշեցինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Նահապետ Եդեսացին, որ գահակալեր էր ԺԷ. դարուն վերջերը, խռովայոյզ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Ան ծաւալեր էր շինարարական լայն գործունէութիւն մը՝ մասնաւորաբար Էջմիածնի ու Երեւանի շրջագօտիին մէջ, ի վերջոյ երթալ թաղուելու համար իր իսկ կողմէ վերաշինուած Ս. Շողակաթի վանքին շրջափակին մէջ։ Չէինք կրնար չյիշել Միս Քարէն Եփփէն, կատարելապէս հայացած այս օտարուհին, որ տակաւին 27 տարեկան էր՝ երբ 1903ին թողուց իր ծննդավայր Դանիոյ խաղաղ ու հանգստաւէտ կեանքը ու եկաւ կայք հատատեց Անատօլուի խուլ անկիւնը՝ Ուրֆա, հայ որբեր խնամելու մարդասիրական առաքելութեամբ։ Մեծ Եղեռնէն ետք, Միս Եփփէն նո՛յն առաքելութեամբ պիտի յայտնուէր Հալէպի մէջ, ուր, յերախտագիտութիւն իր հայանուէր վաստակին՝ իր բարի անունով պիտի մկրտուէր Ազգ. Ճեմարանը...։ Վերջապէս, յիշեցինք Ուրֆայի հերոսամարտը ու անոր ղեկավար դէմքերը՝ Յարութիւն Ռասթկէլէնեանը, Արմենակ Աթթարեանը, Գէորգ Ալահայտոյեանը, Յարութիւն Սիմեանը, Օր. Խանըմ Քէթէնճեանը, մա՛նաւանդ՝ առասպելատիպ հերոս Մկրտիչ Եօթնեղբէրեանը, որուն սեւ-ճերմակ մէկ լուսանկարը, փամփշտակալները կուրծքին, որքա՜ն կը նմանէր առասպելատիպ ուրիշ դէմքի մը՝ Գէորգ Չաւուշի միա՛կ լուսանկարին...։ *** Այս նորատիպ պատմագրքին հեղինակը Արամ Սահակեանն է (1897-1962)։ Անուն մը, որ երկա՜ր տարիներէ իվեր գրեթէ մոռցուած էր, եւ որ այսօր կը վերակենդանանայ՝ իր իսկ աշխատասիրած այս հատորին ողջունելի վերահրատարակութեամբը։ Արամ Սահակեան եղած է բնիկ ուրֆացի մտաւորական մը, որ առաւելաբար ապրած ու գործած է Լիբանանի մէջ, այնտեղ թողլով աւելի քան 30 տարուան նշանակալից վաստակ մը՝ թէ՛ իբրեւ հանրային-կուսակցական գործիչ, թէ՛ իբրեւ օժտեալ հրապարակագիր եւ թէ՛ իբրեւ գրագէտ։ Արամ Սահակեան գրական հրապարակի վրայ ճանչցուեր է Լութեր գրչանունով։ 1933ին լոյս ընծայուած իր «Ուրֆայի հերոսամարտը» գիրքը, օրին, կարդացուեր է յափշտակութեամբ եւ յուզումով։ Աւելի ուշ, տարիներու երկայնքին, Լութեր մէկ կողմէ մնայուն աշխատակցութիւն բերած է «Ազդակ»ին (եւ այլ թերթերու), միւս կողմէ ալ հեղինակած է արձակ ու չափածոյ շարք մը գործեր, որոնց մէջ՝ երեք վէպեր։ Այս բոլոր երկերուն մէջ ամենէն շատ փնտռուածն ու գնահատուածը մնացեր է միշտ «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները» պատմագիրքը։ 1955ին, Ա. Սահակեան հիմնադիրներէն մին եղած է Պէյրութի «Բժիշկ» ամսաթերթին, նուիրումով եւ արթնութեամբ ստանձնելով անոր վարչական պատասխանատուի պաշտօնը՝ մինչեւ իր անակնկալ ու անժամանակ մահը, 1962 Նոյեմբեր 14ին, դեռ հազիւ 65 տարեկանը նոր բոլորած։ «Բժիշկ»ի իր գործակից գրչեղբայրներէն մէկը՝ տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան (գրագէտ մըն ալ ինք), Լութերի մահուան բօթը հաղորդող իր մահագրականին մէջ կու տար սա՛ վկայութիւնը. «Արամ Սահակեան վերջին տասնամեակին մասնաւոր հետաքրքրութենէ մը մղուած էր դէպի գիտաբժշկական գրականութիւն։ Կը հաւատար մանաւանդ անոր ռամկացման եւ ժողովրդականացման բարիքներուն, ժողովուրդի առողջապահութեան թէ իմացական հորիզոնի ընդլայման տեսանկիւններէն՝ հաւասարապէս» («Բժիշկ», Դեկտ. 1962)։ *** Ուրֆայի այս պատմագրքին Ա. հրատարակութիւնը իրականացեր էր 1955ին, Պէյրութ։ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ երանելի ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ մեր հայրենակցական միութիւնները կը գտնուէին իրենց կազմակերպչական կամ մտաւորական գագաթնային բարձրութեան վրայ։ Անոնք իրարու հետ մրցումի ելած էին՝ իրենց քաղաքներուն կամ գաւառներուն յուշամատեանները հրատարակելու համար։ Արեւմտահայաստանը կամ Կիլիկիան կորսնցուցած էինք վաղուց, բայց մեր շուրջ դեռ կ?ապրէին հայրենի հողին վրայ ծնած դէմքեր, մտաւորականներ, գործիչներ, որոնց սիրտն ու հոգին մնացեր էր սահմանին միւս կողմը...։ Թանկագին ներկայութիւն մըն էին անոնք մեր մէջ, նո՛յնքան թանկագին վկայութիւններով ծանրաբեռն՝ իրենց ծննդավայրին աշխարհագրութեան, պատմութեան, տոհմիկ բարքերուն, բանահիւսութեան, բարբառին, 1915ին ապրուած աղէտին վերաբերեալ։ Այս ծիրին մէջ, 30ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 60ական թուականներ, մէկը միւսին ետեւէն հրապարակ հանուեցան վեց-եօթը տասնեակ պատկառելի յուշամատեաններ։ Զորօրինակ, Կարօ Սասունի պատրաստեց Տարօնի Աշխարհի պատմութիւնը, Վահէ Հայկ գրեց «Խարբերդն ու անոր ոսկեղէն դաշտը», Արշակ Ալպօյաճեան գրի առաւ Կեսարիոյ, Մալաթիոյ ու Եւդոկիոյ Հայոց պատմագիրքերը, Ղազար Չարըգ գրեց Բարձր Հայքի եւ Էրզրումի պատմութիւնը, Հայկ Աճեմեան՝ Վան-Վասպուրականի, Բիւզանդ Եղիայեան՝ Ատանայի, Եղիշէ Մելիքեան՝ Հարք-Խնուսի, Գէորգ Սարաֆեան՝ Այնթապի, Գրիգոր Գալուստեան՝ Մարաշի պատմութիւնը։ Եւ դեռ ուրիշ հատորներ՝ Հաճընի, Զէյթունի, Քիլիսի, Մուսա լերան, Եօզկաթի, Բալուի եւ այլ հայաբնակ բնակավայրերու մասին։ Այս սքանչելի ու կոթողային շարքին մէջ կ?իյնար Արամ Սահակեանի «Դիւցազնական Ուրֆան» ալ։ Կարելի է պատկերացնել անշուշտ, թէ մշակութային կամ ազգագրական ի՜նչպիսի վիթխարի կորուստ մը պիտի ունենայինք՝ եթէ վերոնշեալ պատմագիրքերը այդ կանուխ թուականներուն գրուած չըլլային։ Եթէ հայրենակցական միութիւնները խոհեմութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցած չըլլային օ՛ր առաջ պատրաստելու եւ հրատարակելու իրենց գաւառներուն յուշամատեանները։ Այլապէս, այսօր ո՞վ պիտի համարձակէր պատրաստել զանոնք...։ (Աշխատասիրութիւն՝ ԱՐԱՄ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ) ՀԱԼԷՊ - 2011 Լեւոն Շառոյեան Ա. (Մնացեալը յաջորդով)
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր