Լույս է տեսել գրող եւ գրականագետ Պողոս Սնապյանի «Վերծանում» գիրքը


Լույս է տեսել գրող եւ գրականագետ Պողոս Սնապյանի «Վերծանում» գիրքը

  • 13-01-2012 20:02:44   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր

Տարեվերջին Բեյրութում լույս է տեսել գրող եւ գրականագետ Պողոս Սնապյանի «Վերծանում» գիրքը: Ստորեւ ներկայացնում ենք Ս. Մահսերէճյանի գրախոսականը այդ արժեքավոր հրապարակման վերաբերյալ, որը տպագրվել է «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: «Գրա­կան կարգ մը գոր­ծե­րու կամ ժա­պա­ւէն­նե­րու հե­ղի­նակ­ներ եր­բեմն գոր­ծի սկզբնա­ւո­րու­թեան կը թո­ղուն մօ­տա­ւո­րա­պէս հե­տեւ­եալ ար­ձա­նագ­րու­թիւնը. “Այս գոր­ծին մէջ երեւ­ցող տի­պար­նե­րը կապ չու­նին իրա­կան կեան­քի մար­դոց հետ, որե­ւէ նմա­նու­թիւն պա­տա­հա­կա­նու­թիւն է“: Ծա­նօթ հրա­պա­րա­կա­գիր, գրող ու գրա­կա­նա­գէտ Պօ­ղոս Սնապ­եան իր սե­ղա­նին դրած է զգու­շաց­նող նման յանձ­նա­րա­րու­թե­նէ զուրկ հինգ գիր­քեր, որոնց հե­ղի­նակ­նե­րը որոշ ան­ուա­նա­փո­խում­նե­րով, սկզբնա­տա­ռե­րով կամ գաղ­տագ­րա­կան մի­ջոց­նե­րու դի­մե­լով ներ­կա­յա­ցու­ցած են իրենց տի­պար­նե­րը, հե­տե­ւա­բար, Սնապ­եան լծուած է քո­ղարկ­ուած ան­ձե­րու ինք­նու­թեանց որոն­ման ու յայտ­նա­բեր­ման, այդ տի­պար­նե­րուն գաղտ­նիք­նե­րը ի յայտ բե­րե­լու` վեր­ծա­նե­լու աշ­խա­տան­քին: Վեր­ծա­նու­մի աշ­խա­տան­քը եր­բեմն ըն­թա­ցած է դիւ­րին, սա­կայն նա­եւ վեր­ծա­նո­ղը հան­դի­պած է դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ հազ­ուա­դէ­պօ­րէն կը խոս­տո­վա­նի, թէ կարգ մը տի­պար­նե­րու ինք­նու­թիւնը չէ կրցած ի յայտ բե­րել: Խօ­սինք քիչ մը ման­րա­մասն, որ­պէս­զի այս տո­ղերն ալ վեր­ծա­նու­մի կա­րօտ չդառ­նան… “Վեր­ծա­նում­ներ“ հա­տո­րը, որ լոյս տե­սաւ 2011ի վեր­ջե­րուն, յե­տա­խու­զա­կան, պե­ղու­մի աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է: Խնդրոյ առար­կայ հինգ գոր­ծերն են Զա­պէլ Եսայ­եա­նի “Կեղծ Հան­ճար­ներ“ը, Յա­կոբ Օշա­կա­նի “Սա­հակ Պար­թեւ­եան“ը, Կոս­տան Զար­եա­նի “Ան­ցոր­դը եւ Իր Ճամ­բան“, Եղի­շէ Չա­րեն­ցի “Գիրք Ճա­նա­պար­հի“ի “Մահ­ուան Տե­սիլ“ բա­ժի­նը եւ Գուր­գէն Մա­հարիի “Ծաղ­կած Փշա­լա­րեր“ը: Եզա­կի աշ­խա­տու­թիւն է “Վեր­ծա­նում­ներ“ը, որ ըն­թեր­ցո­ղը քայլ առ քայլ կ՛առաջ­նոր­դէ յիշ­եալ հա­տոր­նե­րուն կամ բա­նաս­տեղ­ծա­կան հատ­ուա­ծին քո­ղարկ­ուած ծալ­քե­րը բա­նա­լու եւ “կեղ­ծա­նուն­նե­րով“ ներ­կա­յաց­ուած տի­պար­նե­րը լոյ­սին բե­րե­լու: Եսայ­եա­նի ու Օշա­կա­նի հա­տոր­նե­րը նմա­նու­թեան եզ­րեր ու­նին իրա­րու եւ Զար­եա­նի հա­տո­րին հետ, այն առու­մով, որ անոնք հիւս­ուած են ԺԹ. եւ Ի. դա­րու մեր շարք մը գրող­նե­րուն, ար­ուես­տա­գէտ­նե­րուն ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ան­դաս­տան­նե­րուն մէջ գոր­ծած, անուն շա­հած ան­ձե­րու շուրջ: Յի­շե­լու հա­մար միայն քա­նի մը անուն` ըն­թեր­ցո­ղը հոն պի­տի հան­դի­պի Սի­ա­ման­թո­յին, Վահ­րամ Փա­փազ­եա­նին, Սու­րէն Պար­թեւ­եա­նին, Ար­շակ Չօ­պան­եա­նին, Շիր­վան­զա­դէ­ին, Թէ­քէ­եա­նին, Օտ­եա­նին, Կառ­վա­րեն­ցին, Շահ­խա­թունի­ին եւ դեռ` բազ­մա­թիւ ու­րիշ­նե­րու: Յիշ­եալ հա­տոր­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը, ըստ իրենց դա­տո­ղու­թեան, հա­յե­ցա­կէ­տե­րուն ու գնա­հա­տա­կան­նե­րուն տի­պա­րա­ցու­ցած են յիշ­եալ ու նման դէմ­քեր, որոնց վեր­ծա­նու­մը ըն­թեր­ցո­ղը կրնայ մատ­նել հի­աս­թա­փու­թեան կամ իր կարգ մը տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու: Նշենք նա­եւ, որ բո­լոր հա­տոր­նե­րուն մէջ ալ, “ներգ­րաւ­ուած“ են մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող դէմ­քեր, յատ­կա­պէս Մա­հարիի գոր­ծին մէջ կը տո­ղան­ցեն հայ թէ ոչ հայ տխրահռ­չակ դէմ­քեր, որոնց ճա­կա­տին խա­րան­ուած է… ստա­լի­նա­կա­նու­թիւն: Պ. Սնապ­եան ինք ալ կրա­ւո­րա­կան չէ վեր­ծան­ուած դէմ­քե­րուն հան­դէպ. ըն­թեր­ցո­ղը ուղ­ղա­կի կամ անուղ­ղակի­օ­րէն կը մղուի հա­տոր­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րուն մա­սին որոշ կար­ծիք կազ­մե­լու` հա­մա­ձայն վեր­ծա­նո­ղի դա­տո­ղու­թեանց (որոնք ան­նա­խըն­թաց կամ նո­րու­թիւն չեն, յա­մե­նայն­դէպս, որով­հե­տեւ Սնապ­եան գրա­կա­նա­գէ­տի վաս­տա­կին ծա­նօթ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թե­նէն չի վրի­պիր, օրի­նա­կի հա­մար, Օշա­կա­նի հան­դէպ խոր յար­գանք ու հա­մա­րում, իսկ Զար­եա­նի նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րուն մա­սին մտրա­կա­հա­րո­ղի մօ­տե­ցում): Վեր­ծա­նու­մը կա­տար­ուած է էջ առ էջ ըն­թաց­քով, այ­սինքն, խնդրոյ առար­կայ հա­տոր­նե­րուն մէջ նկա­տի առն­ուած էջե­րուն յի­շա­տա­կու­մով ու վէ­պե­րուն-գրու­թեանց յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան հե­տե­ւե­լով: Պ. Սնապ­եան հա­տո­րը կազ­մած է տե­ղին բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, մերթ խո­րազ­նին, յա­ճախ հպան­ցիկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով եւ, նոյն­քան ու­շագ­րաւ` նշուած անձ­նա­ւո­րու­թեանց լու­սան­կար­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Միայն Չա­րեն­ցի գոր­ծին պա­րա­գա­յին է որ ան հրա­ժա­րած է բա­ցատ­րա­կան­նե­րէ, ու բա­ւա­կա­նա­ցած` լու­սան­կար­ներ ըն­կե­րաց­նե­լով բա­նաս­տեղ­ծու­թեան լու­սանցք­նե­րուն: Վե­րո­յիշ­եալ նշում­նե­րը կը կազ­մեն հա­տո­րին ար­ժէ­քին ու ար­ժա­նիք­նե­րուն մէկ “յար­կը“ միայն: Ըն­թեր­ցո­ղը Պ. Սնապ­եա­նի բա­ցատ­րու­թեանց հե­տե­ւե­լով, լայն ծա­նօ­թու­թիւն­ներ կը քա­ղէ հա­տոր­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը յու­զող հար­ցե­րու մա­սին, գրա­կա­նա­գի­տու­թեան ու­սա­նո­ղին հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը գո­հաց­նող լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով: Այս առու­մով ալ, հա­տո­րը ու­նի գրա­կա­նա­գի­տա­կան ար­ժէք: Եթէ քիչ մը աւե­լի խո­րա­նանք Զար­եա­նի, Չա­րեն­ցի ու Մա­հարիի գոր­ծե­րուն ծալ­քե­րուն մէջ, հոն ար­դէն կը բա­ցա­յայտ­ուի քա­ղա­քա­կան երակ մը` Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի հա­մայ­նա­վա­րա­ցու­մէն ետք մեր ժո­ղո­վուր­դին, հե­տե­ւա­բար նա­եւ գրող­նե­րուն-մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն պար­տադր­ուած ծա­նօթ պայ­ման­նե­րը: Իբ­րեւ հա­մայ­նա­վար հռչակ շա­հած Չա­րեն­ցի տո­ղե­րուն մէջ ի յայտ կու գան դաշ­նակ­ցա­կան տի­պար­ներ ու անոնց հան­դէպ խոր յար­գան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, որոնց գի­նը օր մը վճա­րեց բա­նաս­տեղ­ծը` իբ­րեւ ազ­գայ­նա­կան ու “հին­ցած զգա­ցում­նե­րու պաշտ­պան“ մահ­ուան առաջ­նորդ­ուե­լով նոյ­նինքն հա­մայ­նա­վար բո­րե­նի­նե­րու կող­մէ (այս մա­սին Սնապ­եա­նի բա­ցա­յայ­տում­նե­րը ան­նա­խըն­թաց չեն, ու ձե­ւով մը կը բա­ցատ­րեն, թէ հե­ղի­նա­կը ին­չո՛ւ նա­խընտ­րած է յա­ւել­եալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ չտալ): Պ. Սնապ­եան ան­գամ մը եւս լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ Զար­եան մար­դուն նկա­րա­գի­րի յա­րա­փո­փոխ գի­ծե­րը, նա­՛եւ նոյն այդ վար­չա­կար­գին թո­ղած ազ­դե­ցու­թեանց հե­տե­ւան­քով: Մա­հարիի պա­րա­գա­յին եւս, Սնապ­եա­նի ոսպն­եա­կը կը բա­նի հա­մայ­նա­վար­նե­րու ոճ­րա­յին վար­մուն­քին բա­ցա­յայտ­ման մղու­մով, յի­շեց­նե­լով հե­ղի­նա­կին նա­խորդ մէկ գոր­ծին` “Եր­կու Սպանդ“ին մթնո­լոր­տը (ուր Պ. Սնապ­եան անդ­րա­դար­ձած էր Ցե­ղաս­պա­նին ու Ստա­լի­նա­կա­նու­թեան խլած հսկա­յա­կան զո­հե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ երկ­րոր­դին ապազ­գայ­նաց­նող, հա­յը հա­յուն թշնա­մի դարձ­նող ծա­նօթ իրա­դար­ձու­թեանց): Հոս եւս, Պ. Սնապ­եա­նի քննա­դա­տու­թիւնը անո­ղոք է ու ար­դար. ըն­թեր­ցո­ղը անուղ­ղակի­օ­րէն կը մղուի խորհր­դա­ծե­լու, թէ այդ “դա­րաշր­ջա­նէն“ որոշ հետ­քեր ցայ­սօր կը յա­մե­նան մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ, Հա­յաս­տա­նի մէջ, մրուր­ներ` որոնց­մէ պէտք է մաք­րազտ­ուիլ ան­պայ­մա­նօ­րէն… “Վեր­ծա­նում­ներ“ը խմբագր­ուած է յիշ­եալ հա­տոր­նե­րուն ըն­թեր­ցու­մը դիւ­րաց­նե­լու, սա­կայն ոչ` անոնց ըն­թեր­ցու­մը խնա­յե­լու մօ­տե­ցու­մով: Մենք ալ պի­տի բա­ւա­կա­նա­նանք այս բա­ցատ­րա­կա­նով, որ­պէս­զի ձայ­նակ­ցինք Պ. Սնապ­եա­նի լուռ հրա­ւէ­րին, որ թե­լադ­րանք է ըն­թեր­ցե­լու յիշ­եալ գոր­ծե­րը: Ըն­թեր­ցո­ղին մի­ակ դժուա­րու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ… գտնել Եսայ­եա­նի հա­տո­րը: Միւս­նե­րը մատ­չե­լի են, ար­ժա­նա­ցած ըլ­լա­լով վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու»: Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր