Պատուոյ Հիւր` Մոհամմէտ Պաալպէքի
Բանախօս` Դոկտ. Ժան Սալմանեան
Լիբանանահայ մամուլի գործիչը, այս անգամ, կը մեծարուի ոչ միայն հայկական
շրջանակէն, այլ նաեւ՝ արաբական, ինչ որ ուշագրաւ եւ արձանագրելի է, միանգամա՛յն։
Հայ տպագրութեան 500ամեակին առիթով, նման որեւէ նախաձեռնութիւն ու
կազմակերպում, կը մնայ, իրօ՛ք, գնահատելի, նոյնիսկ՝ խորհրդածելի, քանի որ հայ
լրագրողի մը արաբ ընթերցողին եւս ներկայանալու առիթ կու տայ, ծանօթանալու անոր
խօսքին ու գործին, գրելու արուեստին, բայց մանաւանդ հաղորդուելու անոր ազգային,
քաղաքական կամ գաղափարական դիտարկումներով։
Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմէտ Պաալպէքի Պատուոյ
վահանակ կը յանձնէ ընկեր Պարոյր Աղպաշեանին
Այդ լրագրողը կը կոչուի ընկեր ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, հանրածանօթ խմբագիր-
հրապարակագիրը, որ աւելի քան քառասուն տարուան բեղուն վաստակ մը ունի ու կը
շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր մամլոյ առաքելութեան կոչումին։
Հայկազեան Համալսարանը, իր ակադեմական, ուսումնական ու մտաւորական բեմով,
եղաւ կազմակերպողը եւ ներկայացնողը ընկեր Պարոյր Աղպաշեանի արաբերէն լեզուով
հրատարակուած գիրքին, ուր մէկտեղուած են անոր հրապարակագրութեան էջերէն
ընտրանի փունջ մը, նուիրուած՝ հայ թէ արաբ ժողովուրին, Հայաստանին թէ Լիբանանին,
իրենց զանազան մերձեցումներով, յարաբերութիւններով ու հեռանկարներով։
* * *
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ի ներկայութեան
հայ թէ արաբ մամլոյ ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու ու գրասէրներու, որոնց մէջ՝
Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մամլոյ
սենտիքայի նախագահ Մոհամմէտ Պաալպէքի, խմբագիրներու ու մամլոյ սենտիքայի
համակարգող-անդամ Իլիաս Աուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. քարտուղար
Վարդան Ադամեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի
ատենապետ եւ փոխ ատենապետ` երկրաչափ ընկեր Յարութիւն Երկանեան եւ բժիշկ
ընկեր Վազգէն Ժամկոչեան, ինչպէս նաեւ այլ ազգային-հասարակական-միութենական
պատասխանատուներ։
Մակագրութեան պահուն, նստած ձախէն աջ` Վեր. Դոկտ. Փոլ
Հայտոսթեան, ընկեր Պարոյր Աղպաշեան, ընկերուհի Անի Աղպաշեան,
ոտքի ձախէն աջ` ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, բանախօս
Դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ ճարտարապետ Վարուժան Գանթաճեան
Բացումը, արաբերէն լեզուով, կատարեց Հայկազեան Համալսարանի «Սփիւռք»
հետազօտման կեդրոնի տնօրէն ու դասախօս՝ ընկեր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ բարի
գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, եղաւ թարգմանը օրուան հանդիսութեան
խորհուրդին, ապա, սեղմ գիծերով տալով ընկեր Աղպաշեանի լրագրական-խմբագրական
վաստակին երթուղին, իր նուաճումներով, արձանագրած յաջողութիւններով եւ
արժանացած պարգեւատրումներով։
Ապա, իբրեւ գլխաւոր բանախօս, ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի դասախօս,
Քրիստոնեայ-իսլամ համախմբումի հայ ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Ժան Սալմանեան, որ
անդրադարձաւ Աղպաշեանի լրագրական հարուստ եւ ուսանելի վաստակին, անոր նոր
հրատարակուած գիրքին ընդմէջէն կատարելով շահեկան ու պերճախօս մէջբերումներ ու
օրինակներ։
Այնուհետեւ, ընկեր Դոկտ. Տագէսեան բեմ հրաւիրեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ
Մոհամմէտ Պաալպէքին, որ ողջունելէ ետք լիբանանահայութեան դերը եւ ի մասնաւորի
Հայկազեան Համալսարանի կարեւորութիւնը լիբանանեան ուսումնական կեանքին մէջ,
պատիւ համարեց ներկայ գտնուիլ նման հանդիսութեան մը, ուր կը գնահատուի
լիբանանահայ արժանաւոր հրապարակագիր-մտաւորական մը, յանձինս ընկեր Պարոյր
Աղպաշեանի, որուն մեծարման եւ արժանին արժանւոյն տալու համար, ինք կու տայ իր
վկայութիւնը, ամենայն անկեղծութեամբ ու հպարտութեամբ։
Պաալպէքի նաեւ խօսեցաւ ընկեր Աղպաշեանի այն կարեւոր ներդրումներուն մասին,
որոնք ոչ միայն կը պատկանին լիբանանահայութեան կամ ընդհանրապէս հայութեան,
այլեւ՝ լիբանանեան հրապարակագրութեան եւ պատիւ նկատեց որ անոր նման գրիչ մը կը
պատկանի լիբանանեան մամլոյ ընտանիքին։
Մամուլի գծով, առ ի գնահատանք Աղպաշեանի բերած շնորհակալ նպաստին, Պաալպէքի
ընկեր Աղպաշեանը պարգեւատրեց մամլոյ սենտիքայի յատուկ յուշատախտակով՝ «Յանուն
խօսքի ազատութեան» մակագրութեամբ, բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ։
Ի վերջոյ, խօսք տրուեցաւ գիրքի հեղինակ-մեծարեալին, որ հանդէս եկաւ շնորհակալական
խօսքով։
Ընկեր Աղպաշեան, հանդիսութեան աւարտին, իր գիրքէն օրինակներ մակագրեց հայ թէ
արաբ գործակիցներու ու բարեկամներու, հիւրասիրութեան ու ջերմ զրոյցներու մթնոլորտի
մը մէջ։
* * *
Կարեւոր է նշել, որ Աղպաշեանի այս նոր գիրքին ամբողջ բովանդակութեան զտեալ
յօդուածները առնուած են «Զարթօնք» օրաթերթի իր խմբագրապետութեան շրջաններէն,
հետեւաբար, պատահական չէր որ բոլոր խօսողները ատիկա շեշտէին, «Զարթօնք»եան
օրերու շունչով ու հարազատութեամբ գերյագեցած մթնոլորտ մը տալով շնորհահանդէսին։
Հ.
«Ռամկավար մամուլ»