Կրթությունն ու լուսավորությունն է Հայ ժողովրդի գոյության երաշխիքը


Կրթությունն ու լուսավորությունն է Հայ ժողովրդի գոյության երաշխիքը

  • 14-06-2013 13:33:05   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր

Անեղծելի փաստ է որ Հայ ժողովուրդի վաղընջական պատմութեան ընթացքին վանքերն ու վանական համալիրները եղած են գիտութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան կեդրոններ եւ  համալսարաններ, ուր լոյս՝ ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով Հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրանները:
Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ: Իսկ այս օրերուն, երբ համբակ միջակութիւնը կը տիրէ ամէնուր, դժուար է այդ չափորոշիչ հանգամանքը վերընձիւղել հասարակութեան ընդհանուր գիտակցութեան եւ դատողութեան մէջ: Այդ իսկ պատճառով նոյնպէս դժուար պիտի ըլլար գիրքի մը գրախօսականը կատարել, երբ գիրքի ընթերցանութիւնը տակաւ առ տակաւ կը դադրի ժողովուրդ դաստիարակող իր  երբեմնի գործօն դերակատարութիւնէն: Այսուհանդերձ տակաւին կան եւ պիտի մնան նուիրեալ  հեղինակներ, գրողներ եւ հրատարակիչներ:
Այս առթիով ի դէպ է  խօսիլ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Դպրեվանք Մատենաշար»-ին, եւ անոր երկու հրատարակութիւններուն մասին: 
Մեծ յանդգնութիւն եւ գնահատանքի արժանի գործ է Տեսչութեան եւ առաւելապէս Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի ձեռնարկած՝ մատենաշար հաստատելու ազգանուէր գործը, որ իր իսկ բառերով կը միտի «Դպրեվանքէն անցած սաներու անտիպ կամ մամուլի մէջ ցրուած գրութիւնները հատորով լոյս ընծայել եւ Դպրեվանքի առաքելութեան մասնակից ընթերցողներուն հասցնել»: 
Ահաւասիկ այս մատենաշարին արգասիքը հանդիսացող երկու հատորներ:
Առաջին հատորը մեծ ուսուցիչ, վաստակաւոր եկեղեցական եւ ուսանողներու շրջանակին մէջ «շրջուն համայնագիտարան» յորջորջուած՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին գործն է, լոյս տեսած 2012-ին, որուն առաջին մասին մէջ կը հանդիպինք տասնեակ քարոզներու, պարզ հասկնալի եւ տրամաբանական ոճով: 
Երկրորդ բաժինը կը պարփակէ ուսումնասիրութիւններու շարան մը, որոնք ակնյայտօրէն ցոյց կու տան հեղինակին հայագիտական եւ միջ-եկեղեցական շարժման մասին հմտութիւնը:
Երրորդ բաժինով կը տեսնենք Սրբազան հօր տեսչական տեղեկագիրներն ու հուսկ-ուղերձները, որոնք ցոլացումն են հմուտ մանկավարժ, բազմերախտ եւ իտիալասէր տեսուչի մը գործունէութեանց:
Ի վերջոյ հատորը կ՚աւարտի յօդուածներու շարքով, որ երբեմն յուշագրութիւններու տպաւորութիւն կը թողու ընթերցողներուն վրայ, կապուած զանազան մեծանուն մարդոց հետ, ինչպէս՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, Շահան Պէրպէրեանին եւ Խորէն Գաբիկեանին:
Գալով հատորի անուանումին, միայն Արտաւազդ Արք. Թրթռեանը ճանչցողը գիտէ «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» բառերուն իմաստն ու մարմնացումը:
Մատենաշարի երկրորդ արգասիքը երկար տարիներու կրթական մշակ՝ Սարգիս Փանոսեանի «Ազգային եւ միջազգային ընդհանուր զարգացման հարցումներ եւ պատասխաններ» հատորն է, լոյս տեսած 2013-ին, որ ունի հանրագիտակ տիպի բառարաններու տեղեկատու ոճի հարց-պատասխանի ձեւ, եւ կը բովանդակէ զանազան նիւթերու շուրջ Հայ աշակերտին միտքը յուզող հարցումներ եւ պատասխաններ:
Վարձքը կատար այս հատորներուն հրատարակման մաս եւ բաժին ունեցող բոլոր աշխատակիցներուն եւ մեկենասներուն, նորանոր յաջողութիւններ  «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Դպրեվանք Մատենաշար»-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ սաներուն: Թող Հայ գիրքը մնայ բոլորին հասանելի, սիրելի եւ ընթերցելի մեր բոլորին կողմէ, որովհետեւ կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն  է Հայ ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքը:
 
Քրիստափոր Միքայէլեան  
 
 
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր