Հայաստանն ու Ռուսաստանը հավասար մնացին


Հայաստանն ու Ռուսաստանը հավասար մնացին

  • 27-11-2013 18:30:01   | Թուրքիա  |  Սպորտ

Երէկ Անթալիոյ մէջ սկսան ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյենութեան մրցումները եւ տասը խումբերու ուժեղ ընտրանիներ յամառ պայքարի բռնուեցան ախոյենութեան տիտղոսի համար։ Մրցաշարքը մէկտեղած է երկրագունտի ամէնէն հռչակաւոր ճատրակիստները, որոնք իրենց երկիրներու մարզական պատիւը պիտի պաշտպանեն ինը հանդիպումներու արդիւնքներով։
 
Հայաստանի ազգային խումբը երէկ, առաջին փուլին խաղաց իր ամէնէն կարեւոր մրցակիցներէն Ռուսաստանի ընտրանիի հետ որ ամէնէն բարձր միջին վարկանիշն ունի ¤2759_ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ որ կը ներկայանայ լաւագոյն կազմով։ Հայաստանցիներ իրենց վարկանիշով ¤2715_ 2-3րդ տեղերը կը բաժնեն ուքրանացիներու հետ։
 
Հայաստանի ազգային խումբին վիճակահանութեամբ բաժին ինկած է 6 թիւը։ Գրաւի գրասենեակներ Հայաստան-Ռուսաստան մրցախաղի մէջ նախապատուութիւնը կուտային ռուսերուն, որոնց յաղթանակը գնահատուած էր 1.94 գործակցով, իսկ հայերունը՝ 4.5։ Հաւասարութեան գործակիցը 2.62 էր։ Ինչպէս երէկ գրած էինք արդէն, Ռուսաստանի խումբի մարզիչն է հայազգի Եուրի Դոխոյեան։
 
Հանդիպման բոլոր խաղերն ալ վերջացան հաւասարութեամբ. նախ իր մրցումը վերջացուց Գաբրիէլ Սարգսեան, որ 41րդ քայլին հաշտութիւն կնքեց Եան Նէպոմնիաշչիի հետ։ Քիչ վերջ իրեն հետեւեցան Լեւոն Արոնեանն ու Վլատիմիր Քրամնիքը, Սէրկէյ Մովսիսեանն ու Սէրկէյ Քարիաքինը։ Առաջին խաղասեղանի վրայ բաւական հետաքրքրական պայքար մը կար, բայց Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով 49րդ քայլին հաւասարի մնաց։
 
Մրցախաղի ելքը պիտի վճռէր Վլատիմիր Յակոբեանի ու Ալեքսանդր Կրիշչուքի մրցավէճը։ Նաւակային վերջնախաղի մէջ թէեւ Կրիշչուք զինուորի մը առաւելութիւն ունէր, սակայն յամառ պայքարէ ետք խաղը 87րդ քայլին վերջացաւ հաւասարութեամբ։
 
Երէկ, միայն այս մրցումն է որ հաւասարութեամբ վերջացաւ, միւս մրցումներու արդիւնքներն են.
 
Գերմանիա-Եգիպտոս՝ 2.5-1.5
 
Ատրպէյճան-Թուրքիա՝ 2.5-1.5
 
Չինաստան-Հոլանտա 2.5-1.5
 
Ուքրանիա-Ամերիկա՝ 2.5-1.5
 
Ամերիկայի ազգային խումբէն ներս հանդէս կուգայ Վարուժան Յակոբեան, որ չորրորդ խաղասեղանի վրայ հաւասարի մնաց մրցակցին հետ։
 
Այսօրուայ երկրորդ փուլին Հայաստան կը մրցի Եգիպտոսի ընտրանիի հետ։
 
Մ
Նոյյան տապան  -   Սպորտ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play