Հայ-քրդական հարաբերություններն անցյալում եւ այժմ


Հայ-քրդական հարաբերություններն անցյալում եւ այժմ

  • 07-11-2015 08:44:08   | Լիբանան  |  Հարցազրույցներ



Երկուշաբթի, 2 նոյեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-քրտական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար եւ միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի ընկալական Վահրամ Պետրոսեանի հետ: Հայ-քրտական յարաբերութիւններուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
 
Խօսելով հայ-քրտական յարաբերութիւններուն մասին` Վահրամ Պետրոսեան յայտնեց, որ զանոնք կարելի է բաժնել երեք հանգրուանի` 19-րդ դարու կէսէն մինչեւ 1923` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումը, 2-րդ շրջանը` 1923-էն 1991` Խորհրդային Միութեան փլուզումը, իսկ երրորդ հանգրուանը 1991-էն կ՛երկարի մինչեւ մեր օրերը: Ան նշեց, որ աւելի ճիշդ է խօսիլ հայ-քրտական առնչութեան մասին եւ ոչ թէ յարաբերութիւններու, որովհետեւ երկու կողմերուն միջեւ պետական յարաբերութիւններ երբեք չեն եղած:
 
Ան յայտնեց, որ 1890-1923 շրջանը կարելի է նկատել յարաբերութեանց հաստատման կարելիութեան հետազօտման հանգրուան, որ աւարտեցաւ յուսախաբութեամբ: 2-րդ հանգրուանին եւս ձեռքբերումները մեծ ու հաստատ չէին, իսկ 3-րդ հանգրուանը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախացումով նոր իրողութիւն ստեղծեց եւ քիւրտերուն կողմէ համագործակցութեան ստեղծումի կարելիութիւն նկատուեցաւ:
 
Անդրադառնալով քրտական քաղաքական կառոյցներու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքին` Պետրոսեան յայտնեց, որ քիւրտերուն գերակշիռ համեմատութիւնը կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն այլ ընկալումներ կան եզրերու օգտագործման եւ հատուցման հարցով: ՔԱԿ-ը միանշանակ կերպով կ՛ընդունի ցեղասպանութիւնը, իսկ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի կառավարութիւնը պաշտօնական մակարդակով չէ ընդունած, որովհետեւ գոյութիւն ունի Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց վնասելէ զգուշութիւն մը: Ան նշեց, որ վերջերս ինքնավար շրջանի խորհրդարանին ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին աւելի Թալապանիի կուսակցութիւնն էր, որ կը զօրակցէր, սակայն պաշտօնատարները երբեք կասկածի տակ չեն դներ պատմական փաստը եւ այդ պաշտօնատարներուն շարքին են Պարզանի ընտանիքը:
 
Ինչ կը վերաբերի ժողովրդային մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած քրտական կեցուածքին` Պետրոսեան յայտնեց, որ վերաբերմունքը կը տարբերի շրջանէ շրջան, օրինակ` Տիգրանակերտի զազա-ալիեւի շրջանակը կը մերժէ ցեղասպանութեան ամբողջ մեղքին միայն քիւրտերուն ուսերուն բեռցուիլը:
 
Հարցազրոյցի վերջաւորութեան Պետրոսեան անդրադարձաւ նաեւ հայ-քրտական յարաբերութիւններու հեռանկարին եւ նշեց, որ մենք քիւրտերուն հետ համագործակցութեան որոշակի դաշտ ունինք:
 
 
Ազդակ օրաթերթ
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play