«Սիրում եմ ձեր երկիրը»․ Րաֆֆի Տուտագլեան


«Սիրում եմ ձեր երկիրը»․ Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 29-12-2018 17:21:25   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

Նամակ երկրէն
 
«ՍԻՐՈՒՄ ԵՄ ՁԵՐ ԵՐԿԻՐԸ»
 
Քանի մը օր առաջ ձմեռը առաջին անգամ ըլլալով զգացնել տուաւ իր սառնաշունչ ներկայութիւնը Երեւանի մէջ։ Առատ ձիւնը մի քանի ժամուան ընթացքին սպիտակ ներկեց հայոց մայրաքաղաքը, երազային զգեստ մը հագցնելով տօնական այս օրերուն։
 
Մարդիկ հիմա քաղաքականութեամբ շատ չեն զբաղուիր, ընտրութիւն-մընտրութիւն պրծաւ այլեւս։ Բոլորն ալ կ՚ուզեն իրենց հարազատներուն հետ մտերմիկ ու ջերմ օրեր անցընել։ Հազարաւոր արտագնայ աշխատողներ ռուսաստաններէն վերադարձած են հայրենիք եւ մի քանի շաբաթ ընտանեկան տաքուկ երդիքի տակ կ՚ուզեն վայելել իրենց մայրերն ու քոյրերը, կիներն ու զաւակները, որոնց բարեկեցութեան համար ստիպուած են տարուան մեծ մասը ապրիլ հայրենիքէն հեռու, ընտանիքէն հեռու։
 
Երեւանի եռուզեռը արդեն հեղձուցիչ է ինծի պէս անհամբեր մարդոց համար։ Ճանապարհները խցանուած են, շուկաներուն առջեւ հերթ է, ամէն մարդ բան մը ունի գնելիք, ամէն մարդ վերջին վայրկեանի գործ մը ունի աւարտելիք։ Հայաստանը կը պատրաստուի նոր տարուան։ Նոր տարի, նոր յոյսեր։ Բարի տրամադրութիւն մը ամենուրէք տիրական է այս օրերուն, հակառակ անոր, որ կը խօսուի ռուսական գազի թանկացման, Եւրասիական մաքսային միութեան պայմանագրով՝ Հայաստան մտնող բազմաթիւ ապրանքներու գիներու բարձրացման մասին։ Նոր տարի է, ցուրտը հիւսիսէն հասած է Հայաստան։ Հիւսիսէն երբեք տաք հովեր չեն եկած...
 
Ցուրտին ու ձիւնին հետ բացուած է նաեւ դահուկելու սեզոնը։ Տղաքս արդէն անցնող երկու օրերուն գլուխս այնքան կերան, որ տեղի տուի Ծաղկաձոր երթալու եւ դահուկելու իրենց պնդումներուն առջեւ։ Իրականութեան մէջ, ըսեմ, որ ինծի աւելի համոզիչ թուաց Երեւանի թոհուբոհէն փախչելու եւ ոչ թէ՝ սարերն ի վար գլորուելու գաղափարը։ 
Ծաղկաձոր հասանք ու տեսանք որ արդէն մեծ թիւով դահուկի սիրահարներ ճոպանուղիին առջեւ շարքի մտած էին ու հերթով կը բարձրանային Դեղենիս լերան լանջերը։ Դահուկները վարձելէ ետք, տղաքս անմիջապէս միացան հերթի կանգնածներուն, իսկ ես կողքի սրաճարաններէն մէկուն մէջ տեղաւորուելով, սկսայ երնեկ տալ այն օրերուն, երբ ոտքերուս երկու սահնակ կապած՝ սարերէն վար գլորուիլը ռիսկային արկածախանդրութիւն չէի համարեր։ 
Քիչ ետք ներս մտան խումբ մը ֆիլիփինցիներ եւ արաբներ։ Թէյ ու սուրճ խմելէ ետք դուրս եկան եւ միացան ճոպանուղիով սար բարձրացողներուն։ Սրաճարանին մէջ մնաց միայն ժպտադէմ ֆիլիփինցի աղջիկ մը, որուն հետ, հետաքրքրութենէ մղուած, զրոյցի բռնուեցայ։ 
Էլլեն Մոլդեզը հայաստանաբնակ ֆիլիփինցի մըն է։ Երկու տարիէ ի վեր կ՚ապրի Երեւան, ուր ունի իր սեփական թուրիստական բիզնեսը՝ Vochnner անունով։ Էլլենը պատմեց, որ իր յաճախորդները գլխաւորաբար արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ աշխատող-ապրող ֆիլիփինցիներ են։ Տարուէ տարի կ՚աւելնայ Հայաստան այցելող ֆիլիփինցիներու քանակը։ Մեծամասնութիւնը կը նախընտրեն ձմրան գալ Հայաստան, որովհետեւ ձիւնի կարօտ ունին։ Ոչ Ֆիլիփինեան կղզիներու, ոչ ալ արաբական երկիրներու մէջ ձիւն կայ։ Այս պատճառով, ձմրան Հայաստանը շատ գրաւիչ է անոնց համար։ Հիմա արաբներ ալ սկսած են արդէն գալ։ 
Երկու տարուան ընթացքին շատ բան տեսած ու սորված է Էլլենը։ «Մի քիչ հայերէն խօսում եմ», ըսաւ ու պատմեց, որ սկզբնական դժուարութիւններէ ետք, հիմա արդէն լաւ գործ ստեղծած է եւ օրէ օր կ՚ընդարձակէ իր բիզնեսը։
«ես սիրում եմ Հայաստանը», ըսաւ Էլլեն եւ անգլերէնով շարունակեց. «Շատ գեղեցիկ երկիր է։ Թուրիստական մեծ հնարաւորութիւններ ունիք, եւ ես կը զարմանամ, որ դուրսի հայերը ինչու՞ մեծ ներդրումներ չեն ըներ թուրիզմի մէջ։ Ամբողջ երկիրը լեռներ ու ձորեր է, ձմեռնային թուրիզմի հրաշալի առիթներ կան, չէ՞ք տեսներ։ Ես ոչ ձեր լեզուն, ոչ ալ ձեր երկիրը գիտէի։ Եթէ ես այսքան բան կրցայ ընել, դուք չէ՞ք կրնար»։
Պատասխան չունէի, ի՞նչ ըսէի Էլլենին։ Համաձայնութիւնս յայտնեցի ու գնահատեցի իր աշխատանքը։ Յետոյ, երբ արդէն իր խումբը եկած էր ու Երեւան պիտի վերադառնային, Էլլեն ուրախ տրամադրութեամբ հայերէնով ըսաւ. 
«Այո, չմոռանամ... Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ»։
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն