Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջ-կրօնական միջազգային համագումարին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջ-կրօնական միջազգային համագումարին

  • 20-09-2011 15:58:56   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն
11-13 Սեպտեմբեր 2011, Միւնիխի մէջ (Գերմանիա), տեղի ունեցաւ «Սէնթ Էճիտիօ»ի կազմակերպած միջ-կրօնական միջազգային համագումարը՝ «Երկխօսութեան Ճամբով Համակեցութիւն Կրօններու եւ Մշակոյթներու Միջեւ» ընդհանուր թեմային շուրջ։ Յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, համագումարին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու եւ Տեսուչ Դպրեվանքի)։ Համագումարը համախմբեց Եկեղեցիներու, զանազան կրօններու եւ ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներու շուրջ 500 հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ, որոնք աղօթքով, լիակատար նիստերով եւ փոքր խումբերու քննարկումներով լեցուցին իրենց առօրեան։ Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր, մայր տաճարին մէջ, Սրբազանը մաս առաւ 11 Սեպտեմբեր 2001ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած խափանարարութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթքին մէջ։ Իսկ Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր, «Հաւատացեալներ Օտար Երկիրներու Մէջ» կլոր սեղանի շրջագիծէն ներս, Սրբազանը դասախօսեց «Հայ Քրիստոնեաներ Սփիւռքի Մէջ» նիւթին շուրջ, յատկապէս ծանրանալով 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած սփիւռքեան պայմաններուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ։ Յայտնենք, թէ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու խմբակ մը 1968ին հիմնած է «Սէնթ Էճիտիօ» համայնքը, որ այսօր աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը հաշուէ 50 հազարէն աւելի անդամ-անդամուհիներ։
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն