Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. «Թուրքիան չի կարող ազգերի միջեւ փոխադարձ հասկացողություն առաջացնել»


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. «Թուրքիան չի կարող ազգերի միջեւ փոխադարձ հասկացողություն առաջացնել»

  • 02-03-2012 17:08:13   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Պատասխանելով թրքական արբանեակային հեռատեսիլի վրայ Վեհափառ Հայրապետին հետ հարցազրոյց ունենալու հրաւէրին, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքը մերժեց ընդառաջել նման հրաւէրին: Իր պատասխանին մէջ, Տեղեկատուական Բաժանմունքը կըսէ թէ՝ «Հայկական խնդիր գոյութիւն չունի հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս որ կը բնորոշէք: Հայկական ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ իբր այդպիսին ան քննարկումի, երկխօսութեան կամ բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ»: Շեշտելէ յետոյ թէ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում վճարէ, նամակը կըսէ թէ՝ «ինչպէս Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ պաշտպան մարդկային իրաւունքներու եւ կը շարունակէ անտեսել հայ ժողովուրդի իրաւունքները» ու ապա կաւելցնէ թէ «հայ ժողովուրդի իրաւունքները անտեսելով, արդարութիւնը ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն կոշտ կերպով հակազդելով, Թուրքիան չի կրնար ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնել»:
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play